2015-07-01 10:19:00

Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ առ Դէմ


Մարդիկ այնպէս կը խորհին, թէ աշխարհին մեծ աղէտ մը կը սպասէ, որովհետեւ աղբանոցները կը լեցուին եւ կենսոլորտային տագնապ մը անխուսափելի է:
Երբեմն թափօններ երկրէ երկիր կ՛ուղարկուին, անշուշտ երրորդ երկիրները լաւագոյն հանգրուաններն են նման աւելցուքներու: Քաղաքակիրթ երկիրներ երբեմն խուսափելու համար աղբերու հումքը օգտագործելու ծախսալից եղափոխութենէն, իրենց սահմաններէն կը հեռացնեն երբեմն թունաւոր ու վտանգաւոր թափօնները, կարծելով, թէ երկրագունդէն հեռացուցին ու անջրպետին մէջ տեղ մը փոխադրեցին զանոնք…
Աղբը օգտագործելու եւ անոր հումքերով վերստին օգտագործելի նիւթեր պատրաստելու գաղափարն ու որոշումը, քաղաքակիրթ աշխարհին կը պատկանի: Երրորդ աշխարհեան երկիրներու մէջ դեռ ինքնաշարժներուն պատուհաններէն շատ կարելի է հանդիպիլ, աղբ թափողներու՝ որոնց համար աշխարհի սահմանը այդ պահուն իրենց ինքնաշարժի ներքին տարածութիւնն է միայն: Անոնք այնպէս կը մտածեն, որ պատուհանէն դուրս աղբը նետելով, Երկիր մոլորակէն շպրտած կ՛ըլլան իրենց համար աւելորդ նկատուող աղբը:
Պատերազմական տագնապ ունեցող երկիրներու քաղաքացիներ վստահաբար փորձառութիւն ունեցած կ՛ըլլան աղբերու կուտակման ահռելի կացութեան: Անապահով օրերուն, երբ աղբահաւաք բեռնատարը իր ժրաջան բանուորներով չի՛ կրնար շրջագայիլ եւ իր առօրեայ պարտականութիւնը կատարել քաղաքին մէջ, յանկարծ անոր թաղամասերը, ինչքան ալ շքեղ առանձնատուներով հարուստ ըլլան, կը սկսին հոտելու եւ նեխելու, անկիւնները զետեղուած տակառներէն յորդող աղբերուն պատճառով: Անշուշտ կարելի չէ՛ այս պարագային մեղադրել քաղաքացիները, որովհետեւ աղբը երկար ժամանակ տան մէջ պահելը եւս պիտի ստեղծէ անպատեհութիւններ:
Աղբահաւաք նորաձեւ բեռնատարները, ո՛չ միայն ծանր տակառները մեծ ուժով բարձելու դիւրութեամբ օժտուած են, այլ նաեւ զանոնք իրենց կոկորդն ի վար շրջելու հնարաւորութիւնը ունին, անմիջապէս յետոյ ալ փակելով իրենց բերանը: Անոնք քաղաքացիներուն համար անհուն ըլլալ կը թուան, մանաւանդ երբ աւելորդ առարկաներ եւս կը փորձեն անոնց կոկորդն ի վար սահեցնել մարդիկ, առանց մտածելու թէ արդեօք տեղ կա՞յ նման մեծածաւալ գոյքեր թխմելու այնտեղ, կամ՝ ոչ:
Օրուան վերջաւորութեան, քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ մասնաւոր աղբակիզող փուռերուն հասնելով, աղբահաւաք բեռնատարները կը դատարկեն իրենց որովայնին պարունակութիւնը, որ երբեմն մինչեւ իրենց կոկորդը լեցուած կ՛ըլլայ:
Գալով պատմութեան աղբանոցին, անիկա նիւթեղէն աղբանոցին հակապատկերն է: Անոր կոկորդէն վար սահելու դժուարութիւն կը ցուցաբերեն երբեմն հպարտ ու ամբարտաւան մարդիկ: Սակայն անոնք չեն դիմանար պատմութեան աղբանոցի լպրծուն կոկորդի սահանքին ու նոյնիսկ իրենց սուր եղունգները չեն կրնար ազատել զիրենք, դէպի պատմութեան աղբանոցին որովայնը իջնելու դժբախտ ճակատագիրէն:
Նախանձը առաջին ու գլխաւոր պատճառն է, դէպի պատմութեան աղբանոց երթալու տոմսակը ստանալու: Նախաձոտ մարդիկ չեն կրնար ընդունիլ ուրիշներու ձեռք բերած յաջողութիւնները, եւ նոյնիսկ իրենց խոհակից մարդոց կը յայտնեն իրենց դիւային ծրագիրները, յաջողակ անձերու դիմաց թումբ կանգնելու մասին:
Նման անձեր չեն անդրադառնար այն ահաւոր ժամավաճառութեան, որ իրենց կեանքէն կը նուազեցնէ կարեւոր բաժին մը, զոր կրնային օգտագործել, պատմութեան աղբամանէն դուրս մնալու համար:
Դրական խորհող ու գործող մարդիկ միշտ կը հաւատան, թէ ի վերջոյ լաւ ու բարի գործն է որ կը յաղթանակէ, ու պատմութեան էջերուն կ՛արձանագրուի իբրեւ վաւերական յաջողութիւն: Թերահաւատ մարդիկ այնպէս կը խորհին, թէ նենգամիտներ կը յաջողին եւ նոյնիսկ կրնան արգելք հանդիսանալ բարի աշխատանքի: Ատիկա ժամանակաւոր խաբկանք է պարզապէս: Նենգամիտներուն ալ այնպէս կը թուի, թէ իրենք յաղթական են, սակայն անոնց անկումը յանկարծ վրայ կը հասնի, իրենց չակնկալած պահուն, երբ իրենց ոտքերուն տակ գետինը լպրծուն դառնալով, կը սահին պատմութեան աղբամանի կոկորդն ի վար եւ կը յայտնուին անտակ աղբանոցին մէջ՝ առյաւէտ մոռացութեան մատնուելով:
Պատմութեան աղբանոցը ծանօթ եւ անծանօթ անձերով ու դէպքերով լեցուն է: Այդ դերակատար անձերն ու տեղի ունեցած դէպքերը կար ժամանակ, երբ շատ կարեւոր կը նկատուէին, իրենց մեծ-մեծ գործերով կը հպարտանային, ուրիշներուն արգելք ըլլալը եւ այլոց յաջողութիւնները ձախորդութեան վերածելը հերոսութիւն կը համարէին, սակայն իրենց վերջնական տեղը եղաւ պատմութեան աղբանոցը: Մինչդեռ անոնք, որոնք անոնց թափած աղբերը, նոյնիսկ մայրուղիներու վրայ շպրտած աւելցուքները կը հաւաքէին, փրկելու համար զանոնք անուանարկուելու վտանգէն, իսկական յաջողութեան հասան, որովհետեւ անոնց գործը ուղիղ աշխատանք էր, որ թէպէտ կը կաղայ երբեմն, սակայն աւելի երկար ճամբայ կը կտրէ:
Պատմութեան աղբանոցէն փրկուելու միջոցներէն մէկը արդար աշխատանքն է, եւ այն յոյսը, թէ նոյնիսկ մարդիկ չգնահատեն, Աստուած անպայման պիտի գնահատէ մեզ:








All the contents on this site are copyrighted ©.