2015-07-01 09:33:00

Աթէնքի Եւ Թեսաղոնիկէի մէջ բողոքի ցոյց ընդդէմ «Եռեակ»-ի առաջարկներուն


«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ շուրջ 17 հազար մարդ Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ փողոց դուրս եկած են` բողոքելով միջազգային վարկատու «եռեակ»-ի առաջարկներուն դէմ:

Ցուցարարները Միջազգային դրամական ֆոնտը, Եւրոպական կեդրոնական դրամատունն ու Եւրոպական յանձնաժողովը կը մեղադրեն «Յունաստանը շանթաժի» ենթարկելու համար:

Նախորդ շաբաթ Եւրոյի գօտիի ելեւմուտքի նախարարներու խորհուրդը որոշում տուած էր չերկարաձգելու Յունաստանին յատկացուող օգնութեան ծրագիրի գործողութեան ժամկէտը, որ վերջ գտաւ երէկ:

Յունաստան կը պատրաստուի 5 յուլիսին կայացնել հանրաքուէ մը, որուն ընթացքին քաղաքացիները պէտք է քուէարկեն վարկատուներու պայմաններուն դէմ կամ թեր: Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս երէկ յայտարարեց, որ պիտի հրաժարի վարչապետի պաշտօնէն, եթէ քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը նշեալ պայմաններուն թեր քուէարկէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.