2015-07-01 10:41:00

2015-ի Յուլիս ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։


 (Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են ''ընդհանրական եւ միսիոներական'' աղօթքի դիտաւորութիւններ կրող բնաբաններով, 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ։

2015-ի Յուլիս ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն, Նորին Սրբութիւնը ընտրած է.

''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի` քաղաքական պատասխանատու թիւնը ամէն մակարդակի վրայ ապրուի որպէս եղբայրսիրութեան ամենաբարձր արտայայտութիւն''։

Իսկ որպէս ''Աւետարանութեան'' դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի Լատին Ամերիկայի քրիստոնեաները. Ի տես ընկերային անհաւասարութեան, կարենան վկայել սէրը հանդէպ աղքատներուն եւ սատարել աւելի եղբայրական ընկերութեան մը կերտումին''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.