2015-06-30 13:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց Հրեա -Քրիստոնեայ իսկական երկխօսութեան մը անհրաժեշտութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երեքշաբթի, 30 յունիսի առաւօտեան, ընդունեց Քրիստոնեաներու եւ Հրեաներու Միջազգային Խորհուրդի համագումարի մասնակիցները եւ անոնց ուղղեց պատգամ մը, ուր շեշտեց իսկական երկխօսութեան մը անհրաժեշտութիւնը։

Իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց այս համագումարի կայացման համար, յիշելով, որ արեւմտեան Եւրոպայի ամենահին հրէական համայնքը կը գտնուի Հռոմ քաղաքին մէջ, երկհազարամեայ պատմութեամբ, որ զերծ չէ եղած խնդիրներէ։

Շնորհիւ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովի, իսկական երկխօսութիւնը զարգացում արձանագրած է։ Այս տարի կը կատարուի սոյն Տիեզերական Ժողովի «Nostra aetate» («Մեր Ժամանակաշրջանին մէջ») յայտարարութեան յիսնամեակը։ Ներկայիս, հինգ տասնամեակներ ետք, կը վայելենք պտղաբեր քրոստոնեայ-հրէական երկխօսութեան արդիւնքները։ Պէտք է Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնենք այն բոլոր բարիքներուն համար, որոնք իրականացան բարեկամութեան հոգիով եւ փոխադարձ հասկացողութեամբ։ Տարբերութիւնները գերազանցուած են շնորհիւ Ամենակալ Աստուծոյ Հոգիին։ Այլեւս իրարու հանդէպ օտարներ չենք, այլ՝ բարեկամներ եւ եղբայրներ։

Ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց քրիստոնեաներու եւ հրեաներու ունեցած կրօնական նմանութիւնները։ Նոյն Աստուածը կը խոստովանինք, թէկուզ տարբեր տեսակէտներէ, եւ բոլոր քրիստոնեաները ունին հրէական արմատներ։ Ասոր համար, ըսաւ Սրբազան Պապը, Քրիստոնեաներու եւ Հրեաներու Միջազգային Խորհուրդը իր ծնունդէն սկսեալ ընդունած է քրիստոնէական զանազան դաւանանքներ։ Քրիստոնեաները կը հաւատան Յիսուս Քրիստոսի, «Բանն Աստուծոյ», որ մարդացաւ երկրի վրայ։ Իսկ հրեաներուն համար «Բանն Աստուծոյ» ներկայ է յատկապէս Թորայի մէջ։ Երկու կրօնքներն ալ կը հաւատան մէկ Աստուծոյ, որ մարդկութեան կը յայտնուի իր «Խօսքով»։

Սրբազան Քահանայապետը յիշեց Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովի «Nostra aetate» յայտարարութեան, Քրիստոնեաներու եւ Հրեաներու Միջազգային Խորհուրդի, եւ 1947 թուականին Զէլիսպէրկ՝ Զվիցերիոյ մէջ հրատարակուած 10 դրութիւններու միջեւ գոյութիւն ունեցող սկզբունքային առընչութեան։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ շեշտեց, որ Սուրբ Աթոռը ուշադրութեամբ կը հետեւի յիշեալ Միջազգային Խորհուրդի գործունէութեան, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներու այցելութեան համար, ապա անոնց ուղղեց իր մաղթանքները եւ օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.