2015-06-30 13:29:00

Վերջին հրաժեշտ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 30 յունիս 2015-ի, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին (Պէյրութի ժամով) տեղի կ՛ունենայ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. երջանկայիշատակ կաթողիկոս պատրիարքի թաղման կարգը եւ յուղարկաւորութիւնը` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ: Ապա հանգուցեալ հայրապետին մարմինը կը փոխադրուի եւ կ՛ամփոփուի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Սրբոյ Կոյսին Աւետման եկեղեցւոյ պատրիարքներու դամբարանին մէջ:

Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը` անցեալ հինգշաբթի, 25 յունիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 8:45-ին,  իր հոգին աւանդեց առ հայր, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, սրտի կաթուածի հետեւանքով: 

Ի լուր Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ի մահուան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսին որուն մէջ ներկայացուց իր խոր ցաւակցութիւնները` սիւնհոդոսին եւ Պատրիարքութեան հաւատացեալներուն ''վերյիշելով սերտ համագործակցութիւնը, որուն` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումը հանդիսացաւ գագաթնակէտը'' ։ ''Աղօթքով կը միանամ բոլոր անոնց որ կ՛ողբան այս յանկարծակի մահը, եւ մեծ սրտով բոլորին կ՛ուղարկեմ իմ առաքելական օրհնութիւնս, յատուկէն` Տանն Կիլիկիոյ Պատրիարքութեան եպիսկոպոսներուն, հանգուցեալի պարագաներուն եւ բոլոր անոնց որ յուղարկաւորութեան արարողութեան պիտի մասնակցին'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը իր հեռագիրին մէջ։ 

Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթը, այս առթիւ հրատարակած մէկ յօդուածի մը մէջ  նշեց երանաշնորհ հայրապետին կենսագրականն ու գործունէութիւնը մինչ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի անունով մահազդ մը հրատարակուեցաւ որուն մէջ նշուեցաւ` ''Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակի եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակումին տարւոյն ընթացքին, առ Հայր վերադարձաւ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս – Պատրիարքը''։

Ցաւակցական հեռագիր ուղղեց` ի շառս այլ քաղաքական անձնաւորութիւններու` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը որ  ''Խորին ցաւակցութիւն յայտնեց ականաւոր հոգեւոր առաջնորդի եւ հայ ժողովրդի արժանաւոր զաւակի մահուան կապակցութեամբ''։ Գարեգին Բ ամենայն հայոց կաթողիկոսը եւս յայտնեց իր խոր  ցաւակցութիւնները ընդգծելով ''լուսահոգի Պատրիարքի երկար տարիների նուիրեալ ծառայութիւնը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցու անդաստանում` ի խնդիր Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցու առաքելութեան արդիւնաւորման, հոգևոր ժառանգութեան պահպանման ու արժևորման'':

Կիրակի 28 յունիսին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ բազմաթիւ ժողովրդապետութիւններուն մէջ հրաժեշտի եւ հոգեհանգստեան պատարագներ մատուցուեցան երջանկայիշատակ Կաթողիկոս Պատրիարքի յաւիտենական հանգիստին համար։ Ասոնց շարքին նաեւ  Սիտնիի “Վերափոխում Աստուածածնի” հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնը որ ապա վաղը` չորեքշաբթի 1 յուլիս 2015-ին  առաւօտեան 6,30-էն - 9,30­, պիտի ընդունի ցաւակցութիւնները մինչ երջանկայիշատակ Հայրապետի դիտաւորութեան քառասունքի սուրբ պատարագը պիտի մատուցուի յառաջիկայ օգոստոս 2-ին ժամը 11-ին։

Յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգի արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն բացի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական եպիսկոպոսներէն, կղերական դասէն ու հաւատացեալներէն­, եկեղեցական­, քաղաքական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ որոնց շարքին նշենք  Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, Արամ Ա վեհափառ Հայրապետը, քոյր եկեղեցիներու պատրիարքներ, Ռայի Պատրիարքը, Լիբանանու խորհրդարանի եւ ծերակոյտի նախագահներու ներկայացուցիչները մինչ Հայաստանը կը ներկայացնեն սփիւռքի նախարար` Տիկ Հրանոյշ Յակոբեան, Լիբանանի մօտ հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոջարեան եւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպան Տիար Միքայէլ Մինասեան։

Յայտնենք որ ըստ Արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնագիրքին 127-րդ կանոնին, Ամենապատիւ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ի մահուամբ ու մինչեւ նոր Պատրիարքի ընտրութիւն` Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցու Պատրիարքական Կառավարիչ  դարձաւ Արհ. Հ. Գրիգոր եպս. Կապրոյանը` վաստակաւոր առաջնորդ Փարիզի Սուրբ Խաչ առաջնորդութեան։

Նոյն կանոնագրքի կանոն 64-ը կը սահմանէ ապա թէ` Պատրիարքի ընտրութեան համար եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի ժողովը պէտք է գումարուի թափուր մնալու պահէն սկսեալ մէկ ամսուայ ընթացքին: Թէեւ մասնաւոր օրէնքով կարող է սահմանուել աւելի երկար ժամանակաշրջան, բայց ոչ աւելի, քան երկու ամիս:








All the contents on this site are copyrighted ©.