2015-06-30 09:21:00

''Պիտի մնանք Արեւելքի մէջ'' շեշտեց Ռայի Պատրիարքը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երկուշաբթի, 29 յունիսին, Պքերքէի մէջ ընդունեց Աշխարհի մարոնիական թեմերու երիտասարդներու պատուիրակութիւն մը, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ քրիստոնեաները Արեւելքի մէջ պիտի մնան` իրենց իսլամ եղբայրներուն հետ տարածելու համար չափաւորականութեան մշակոյթը:

«Արեւելքի մէջ մարոնի համայնքը բնիկ կը նկատուի եւ պիտի պայքարի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ դժուարութիւնները եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները, որոնք կը սպաննեն, կը խանգարեն իսլամական-քրիստոնէական համակեցութիւնն ու համերաշխութիւնը:

Ռայի պատրիարքը զգուշացուց աշխարհին մէջ տարածուելիք ահաբեկչութենէն:

Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.