2015-06-27 08:47:00

Եկեղեցական Գիտելիքներ


Հոգեգալստեան հինգերորդ շաբթուայ ընթացքին, կը շարունակենք դարձեալ հայ սուրբերու շարքը, գէթ շաբթուայ առաջին մասին մէջ։

Կիրակի օրուայ Աւետարան՝ (Մատթէոս ԺԳ. 24- 30 համարները) որոմի առակն է ուր Յիսուս կը  խօսի Երկնքի Արքայութեան մասին։

Երկնքի Արքայութիւնը -կ՝ըսէ Յիսուս- կը նմանի մարդու մը որ ընտիր սերմ սերմանեց իր արտին մէջ։ Մինչ մարդիկ կը քնանային, եկաւ թշնամին եւ ցորենի վրայ որոմը ցանեց ու գնաց։ Երբ խոտը բուսաւ ու հասկ կապեց՝ որոմն ալ երեւցաւ … Անշուշտ ծառաները հարցուցին տիրոջ թէ ուրկէ՞ եկաւ այս որոմը. ու ան պատասխանեց որ թշնամիին գործն է եւ թոյլ չտուաւ անոնց, որոնք պատրաստ էին որոմը քաղելու եւ նետելու,  ըսելով. ՝՝Ոչ, որոմը քաղելու ժամանակ կրնանք հետը ցորենն ալ պոկել. թողուցէք որ երկուքը միասին աճին մինչեւ հունձքը։ Հունձքի ժամանակ  հնձուորներուն կ՝ըսեմ. հաւաքեցէք նախ որոմը, խուրձ  կապեցէք  այրելու համար. իսկ ցորենը ամբարեցէք շտեմարանիս մէջ՝՝։  Այս առակը  շարունակութիւնն է Սերմանողի առակին։ Այս անգամ  Յիսուս շեշտը կը դնէ ժամանակին վրայ որ կ՝երկարի  հունձքի եւ ցանքի  միջեւ։ Այս ժամանակի ընթացքին, չարերը պիտի խառնուին բարիներուն, որոնց բաժանումը  պիտի ըլլայ հունձքի ժամանակ, դատաստանի օրը։ Անկէ առաջ, Աստուծոյ համբերութեան շրջանն է։

Երկուշաբթի` 29 Յունիսին, կը տօնենք Տրդատ թագաւորը, որ ինչպէս գիտենք եղաւ առաջին քրիստոնեայ թագաւորը, որ դարձի եկաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի աղօթքով, որով բուժուեցաւ իր հիւանդութեանէն եւ հրամայեց որ քրիստոնէութիւնը դառնայ պետական կրօնքը Հայոց աշխարհի։ Կը տօնուի նաեւ հայ առաջին քրիստոնեայ թագուհին` Աշխէնը, որ քաջալերեց քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ։

Իրենց հետ մէկտեղ կը տօնենք Տրադատի քոյրը` Խոսռովիդուխտ, որ հանդիսացաւ իսկական քաջալերողը քրիստոնէութեան. Ինքն է որ տեսիլքի մէջ լսեց ձայնը հրեշտակին որ կ՛աւետէր թէ միայն Խոր Վիրապին մէջ նետուած Գրիգորը կրնար բուժել իր եղբայրը. Հետագային ալ օգնեց Գրիգորի իր առաքելութեան մէջ։

Երեքշաբթի՝ 30 Յունիսին, տօնն է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի որդիներուն եւ թոռներուն. Կը զարմանանք թէ ինչպէս մեր առաջին կաթողիկոսը ամուսնացած մարդ մըն էր. Սակայն հին դարերու առաջին առաքեալները եւս ամուսնացած էին եւ կը կատարէին իրենց առաքելութիւնը իրենց յանձնուած հօտին վրայ։ Գրիգոր երկու որդի ունէր, Արիստակէս եւ Վրթանէս. Արիստակէս կրտսեր տղան էր որ կուսակրօն մնացած էր եւ իր հօրմէն ձեռնադրուած էր քահանայ ու ապա եպիսկոպոս։ 325 թուին, ան մասնակցեցաւ առաջին Տիեզերական Ժողովին Սուրբ Եկեղեցւոյ, որ տեղի ունեցաւ Կ. Պոլսոյ մօտ գտնուող Նիկիա քաղաքին մէջ. Եղաւ տեղակալ իր հօր եւ ապա անոր յաջորդեց կաթողիկոսական աթոռի վրայ. Սպաննուեցաւ Արքեղայոս իշխանէն 333 թուին, հաստատ մնալով հաւատքի իր ուսուցման գծին մէջ։

Իրեն յաջորդեց մեծ եղբայրը` Վրթանէս, որ ամուսնացած էր եւ հայր երկու զաւակներու. Ան քաջաբար շարունակեց քրիստոնէութեան տարածման ուղղութիւնը ամբողջ Հայաստանի մէջ եւ վախճանեցաւ գրեթէ 80-ամեայ։

Վրթանէսի աւագ որդին` Գրիգորիս կարգուեցաւ եպիսկոպոսապետ Վրացիներու եւ Աղուաններու. Սակայն նահատակուեցաւ Վրաց թագաւորի ձեռքով, որ ուրացեր էր քրիստոնէութիւնը։ Իր եղբայրը` Յուսիկ, ամուսնացած էր Տիրան հայոց թագաւորի աղջկան հետ եւ ինք եւս ունէր երկու որդի, Պապ եւ Աթանագինէս. Յուսիկ ընդիմացաւ թագաւորի եկեղեցի մուտքին անոր անբարոյական վարքին պատճառաւ. Ասոր վրայ, Տիրան թագաւորը զինք սպաննել տուաւ 347 թուին։

Այս մեր հայ առաջին սուրբերուն հետ կը յիշուի նաեւ Դանիէլ ասորի եպիսկոպոսը, որ եղաւ, Տիրան թագաւորի հրամանաւ, առաջին ոչ հայ կաթողիկոսը հայոց. Թագաւորը կը յուսար վերջնականապէս անջատել կաթողիկոսութիւնը Լուսաւորչի տոհմէն եւ ապրիլ սանձարձակ կեանք մը. Սակայն Դանիէլ, որ սրբակեաց անձ մըն էր, հասկցուց թէ ինք տեղի չի տար թագաւորի քմահաճոյքին եւ մանաւանդ խստիւ յանդիմանեց զինք Յուսիկ կաթողիկոսի մահուան համար։ Այս պատճառաւ ալ թագաւորը զինք խեղդամահ ընել տուաւ իր կաթողիկոսական գահին վրայ բարձրանալէն հազիւ մէկ տարի ետք, 348 թուականին։

Հինգշաբթի` 2 Յուլիսին, կը վերադառնանք հին Կտակարանին, տօնելով Եղիսէ Մարգարէն, որ աշակերտն էր Եղիա մարգարէին եւ որ յաջորդեց իր տիրոջ եւ ուսուցիչին, խնդրելէ ետք որ Եղիայի հոգին իր վրայ գայ անոր երկինք համբառնալէն ետք։

Իսկ շաբաթ օրը` 4 Յուլիսին, տօնն է 12 առաքեալներուն եւ անոնց գլխաւորներուն, այսինքն Պետրոսի եւ Պօղոսի։ Այս տօնը աւելի հանդիսաւոր կերպով կը կատարուի լատին ծէսին մէջ, Յունիս ամսուայ 29-ին։ Ըստ աւանդութեան երկու առաքելապետներն ալ նահատակուած են Հռոմ, Ներոն կայսեր յարուցած հալածանքներու ընթացքին, 74 թուին, Ս. Պետրոսը խաչելութեամբ, իսկ Ս. Պօղոսը` գլխատմամբ։

Հայ ծէսը նմանապէս մասնաւոր յարգանք կ՛ընծայէ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետներուն զանոնք դասելով որպէս գլուխ Քրիստոսի Եկեղեցւոյն։

Կիրակի  5 Յուլիսը Զ. Կիրակին է Զկնի Պենտեկոստէի։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.