2015-06-08 12:26:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին Փուերթօ Րիքոյի եպիսկոպոսներուն յանձնած ճարը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, երկուշաբթի, 8 յունիսին, ունկնդրութիւն շնորհեց Փուերթօ Րիքոյի եպիսկոպոսներուն, որոնք իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կը կատարէին Առաքեալներու շիրիմներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ եպիսկոպոսներուն յանձնեց պատգամ մը, ուր կ’անդրադառնայ ամերիկայի ցամաքամասի տարածքին հիմնուած առաջին թեմերէն մէկուն՝ Փուերթօ Րիքոյի մէջ։ Ան կը գնահատէ այնտեղ կատարուած առաքելութիւնը, որ բնորոշուած է բազմաթիւ հովիւներու, կրօնաւորներու, առաքեալներու եւ աշխարհական հաւատացեալներու հաւատարմութեամբ եւ յարատեւութեամբ։ Անոնք միշտ քարոզած են Քրիստոս Փրկիչը եւ մեծ նպաստ բերած են նաեւ ընկերութեան իրենց հոգեւոր, դաստիարակչական եւ մարդասիրական գործունէութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր պատգամին մէջ կը մատնանշէ եպիսկոպոսներու պատասխանատուութիւնը՝ համագործակցելու իրենց եպիսկոպոսակիցներուն, թեմական կղերի, կրօնաւորական կեանքի նուիրեալներու եւ աշխարհականներու հետ, շեշտելով՝ որ միասնութիւնը գրաւական մըն է առաքելական գործունէութեան եւ Սուրբ Աւետարանի քարոզութեան։ Եպիսկոպոսը պէտք է ըլլայ նաեւ օրինակ եւ յորդորող հոգեւոր կեանքի նորոգումի։

Եպիսկոպոսները իրենց քահանաներուն հետ պէտք է ըլլան աւետաբեր Աստուծոյ ողորմութեան եւ ներողամտութեան՝ ապաշխարութեան խորհուրդի մատակարարումով։

Սրբազան Պապը եպիսկոպոսներու խնամքին կը վստահի նաեւ հոգեւոր եւ կրօնաւորական կոչումներու արծարծումը եւ ժողովուրդին հոգեւոր-կրօնական դաստիարակութեան համար՝ համապատասխան միջոցներու հայթայթումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.