2015-05-30 13:28:00

Հայր Լուիս Էտուարի երանացման արարողութիւնը Ֆրանսայի մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 31 մայիսին, Ֆրանսայի Պայոն քաղաքին մէջ, տեղի կ՝ունենայ Հայր Լուիս Էտուար Չէսթաքի երանացման արարողութիւնը  բարձր հովանաւորութեամբ  Ֆրանչիսկոս Պապի ներկայացուցիչ Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճէլօ Ամաթոյին։

Հայր Լուիս Էտուար եղած է թեմական քահանայ, ծնած է Ֆրանսա 6 յունուար 1801-ին ։

Կղերական  ուսումները աւարտելէ ետք,  26 տարեկանին կը ձեռնադրուի քահանայ՝17 յունիս 1825-ին։

Հայր Լուիս  Էտուարի հիմՆական մտահոգութիւնը եղած են՝ աղքատները մօտէն հետեւելով անոնց,  յատկապէս ծառայելով փողոցներու մէջ լքուած անտէր աղջիկներուն։ 1836-ին, անոնց համար հիմնած է Մեծ Դրախտ անունը կրող հիւրընկալութեան տուն ։

Հայր Լուիս Էտուար,  ընկերութեան  հանդէպ իր  բերած մեծ նպաստին համար, Նափոլէոն Գ-ի  կողմէ արժանացած է զինուորական պատուոյ շքանշանին։ Ան յաւերժապէս հեռացած  Է այս երկրաւոր աշխարհէն ՝27 մարտ 1868-ին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.