2015-05-30 08:53:00

Կարդինալ Սանտրիի այցելութիւնը Փարիզ 30-31 Մայիս։


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովը կը տեղեկացնէ թէ կարդինալ  Լէոնարտօ Սանտրի` Փարիզ կը մեկնի 30 Մայիսին հանդիսապետելու ''L’Œuvre d’Orient''` Արեւելքի ի սպաս Բարեգործական մարմնի տարեկան սուրբ պատարագը։

Ծիսակատարութիւնը տեղի կ՛ունենայ կիրակի 31 մայիսի յետմիջօրէին ներկայութեամբ Փարիզի առաջնորդ կարդինալ Անտրէ Վէնթրուայի որ միաժամանակ առաջնորդն է ֆրանսայի արեւելեան ծէսերու պատկանող հաւատացեալներուն։

Շաբաթ 30 Մայիսին,­ կարդինալը կ’այցելէ Արեւելեան բարեգործական մարմնին աթոռը։

Կիրակի առաւօտ կարդինալ Սանտրին այցելութիւն կը կատարէ Ուկրանիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն։ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի նախագահին համար այս  առիթը բարեպատեհ է  արտայայտելու իր մօտիկութիւնը Ուկրանիոյ Մայր Հայրենիքին։

Կարդինալ Սանտրի այցելութիւն կը կատարէ նաեւ Ռումանիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան։

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Սանտրիի այցելութիւնը ֆրանսա, կը յաջորդէ Նոյեմբեր 2011-ին եւ Մարտ 2012-ին կատարած իր այցելութիւններուն որոնց ընթացքին հանդիպումներ ունեցած էր Մարոնի եւ Հայ համայնքներուն հետ։

Իր այս  այցելութեամբ կարդինալ Սանտրի կը նպատակադրէ դրսեւորել իր մօտիկութիւնը սփիւռքին մէջ ապրող Արեւելեան եկեղեցիներու զաւակներուն եւ միաժամանակ վերարժէքաւորել ու ամրապնդել փոխադարձ ճանաչումը, համագործակցութիւնն ու հիւրընկալութիւնը լատին եկեղեցւոյ կողմէ`  հանդէպ գաղթականներուն։

Նշենք թէ Արեւելքի բարեգործական մարմինը (L’Œuvre d’Orient) հիմնուած է 1856-ին խումբ մը աշխարհական հաւատացեալներէն։ ֆրանսայի մէջ այդ մարմինը բոլորովին յանձնուած է այն կազմակերպութիւններուն որոնք իրենց աշխատանքը նուիրած են Միջին Արեւելքի աղքատներուն։   Մարմինը կը վայելէ Փարիզի առաջնորդի հովանաւորութիւնը։ Շնորհիւ  70 հազար բարերարներուն, ան օգնութեան կը հասնի 12 երկիրներու եկեղեցիներու եպիսկոպոսներուն ու քահանաներուն եւ 60 իգական միաբանութիւններուն։ Անոր բարեսիրական աշխատանքը կը կեդրոնանայ երեք առաքելութիւններով` դաստիարակութիւն, ընկերային խնամատարութիւն եւ հովուական աշխատանք։  Ընդգծենք թէ 160 տարիէ ի վեր Արեւելքի բարեգործական այս մարմինը կը գործէ Արեւելքի եկեղեցիներու ի սպաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.