2015-05-30 10:06:00

Զմմառու Տիրամօր Ուխտի Օրը


Մայիս ամիսը նուիրուած է Աստուածամօր ու Վարդարանի ջերմեռանդութեան։ Այս սրբազան և օրհնեալ ամսուայ պսակումը կը հանդիսանայ Զմմառու վանքի Ցաւագին Տիրամօր ուխտի օրը, որ այս տարի կը զուգադիպի Կիրակի 31 Մայիսին: Զմմառու վանքը մեծ հանդիսաւորութեամբ կը տօնէ այս ուխտի օրը, քանի որ այս պատմական վանքը նուիրուած է Տիրամօր: Ծանօթ է բոլորիս, թէ Զմմառու Տիրամայրը 265 տարիներուն ընթացքին ի՛նչպիսի հրաշքներ գործած է իրեն դիմող միաբան հայրերուն և ուխտաւորներուն: Զմմառու պատմական վանքը իր հիմնադրութեան օրէն (1749), Տիրամօր նուիրուած ուխտավայր մը եղած է, ուր ամէնազգի քրիստոնեայ հաւատացեալներ, ամէն տարի շարան շարան ուխտի կու գան: Այս Ուխտի Օրուան առթիւ` Եկեղեցին և բարեպաշտ ժողովուրդը յարգանքի տուրք, մեծարանքի արտայայտութիւն, սիրոյ հաւաստիք և խնկաբոյր աղօթքներ կ'ընծայեն Երկնքի Դշխոյին:

Զմմառու Ուխտի Օրուան՝ 31 Մայիս 2015-ին, Ս. Աստուածածնայ նուիրուած սրբազան արարողութիւնները տեղի կ'ունենան Զմմառու Վանքին գլխաւոր հրապարակին վրայ: Առաւօտեան ժամը 10:00-ին՝ հանդիսաւոր թափօր, ապա Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետական Ս. Պատարագ կը մատուցանէ: Սրբազան երգեցողութիւնը կը կատարէ Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ «Արծիւեան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ մաէսթրօ Մանուէլ Քէշիշեանի:
Իսկ յետմիջօրէին՝ ժամը 3:00-ին, Վարդարանի աղօթք:








All the contents on this site are copyrighted ©.