2015-05-30 12:14:00

Պէտք է միշտ պաշտպանել կեանքը յղութեան պահէն սկսեալ


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 30 մայիսին, առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Վատիկանի Քլէմէնթինա սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպեցաւ ՝՝Գիտութիւն եւ կեանք՝՝ ընկերակցութեան կազմակերպած հանդիպումի աւելի քան 400 անդամներուն հետ։

Հանդիպումի ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը անոնց ուղղեց պատգամ մը, որուն մէջ գնահատեց ընկերակցութեան տասնեակ տարիներէ ի վեր` մարդուն ի սպաս  մատուցած ծառայութիւնը, բարձր որակելով անոնց՝  կեանքի հանդէպ  պաշտպանութեան եւ զարգացման աշխատանքները ,  յատկապէս ժամանակակից ընկերութեան մը մէջ, որ բնորոշուած է բացասական տրամաբանութեամբ։

Անձի պաշտպանութեան ի խնդիր, ձեր աշխատանքներու կեդրոնը եղած  են երկու էական գործունէութիւններ.  դուրս ելլել  հանդիպելու համար, եւ  հանդիպիլ օգնելու համար։

Այս երկու շարժումներու   կեդրոնը՝  կը գտնուի Քրիստոսը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով թէ Քրիստոսի սէրը մեզ կը մղէ սպասարկելու փոքրիկներուն ու երէցներուն, իւրաքանչիւր այր մարդու կամ կնոջ, որոնց կեանքի իրաւունքը  պէտք է ճանչցուի եւ պաշտպանուի։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա անդրադառնալով գիտութեան  մասին յարեց,.

''Քրիստոս, որ ճրագն է մարդուն եւ Տիեզերքին, կը լուսաւորէ  ճանապարհը, որպէսզի գիտութիւնը միշտ դրուի կեանքի ծառայութեան ի սպաս։ Երբ՝ սոյն ճրագը պակսի, երբ գիտութիւնը կ՝անտեսէ կենաքի հետ իր յարաբերութեան կապը` կը  դառնայ ամուլ։

Ասոր համար կը հրաւիրեմ ձեզ միշտ բարձր պահելու ձեր հայեացքը  իւրաքանչիւր մարդու  սրբութեան հանդէպ որպէսի գիտութիւնը միշտ ըլլայ մարդու ծառայութեան ի սպաս եւ ոչ թէ մարդը՝ գիտութեան։

Քաղաքակրթութեան  զարգացման աստիճանը կարելի է չափել անոր կեանքի պահպանութեան կարողութենէն, յատկապէս՝ երբ ան դիւրաբեկ վիճակի մէջ կը գտնուի։

Երբ կը խօսինք մարդ արարածի մասին, երբեք պէտք չենք մոռնալ մարդու սրբութեան դէմ գործուած  ահաբեկչութիւնները – ըսաւ Սրբազան Հայրը ՝ նշելով զանազան օրինակներ, ինչպէս `վիժումի վէրքը, աշխատանքի ծիրէն ներս գործի ապահովութեան պայմանները ,պատերազմները. բռնութիւնները, եւ նաեւ հեշտամահը

Կեանքը սիրել կը նշանակէ հոգ տանիլ ուրիշին, սիրել զայն ինչպէս նաեւ մշակել եւ յարգել անոր վերանցական արժանապատուութիւնը – ըսաւ Սրբազան Հայրը ու խօսքին աւարտին  ներկաները քաջալերեց վերարձակել կեանքի մշակոյթի վերանորոգումը, որ գիտէ հաստատել վստահութեան ցանցեր, եւ գիտէ նաեւ պարգեւել  խաղաղութեան, ողորմածութեան եւ հաղորդութեան հորիզոնները։

Մի վախնաք արդիւնաւոր երկխօսութիւն հաստատելէ գիտութեան բովանդակ աշխարհին հետ, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց հետ, որոնք չեն նկատուած հաւատացեալներ, բայց՝ կը մնան բաց կեանքի խորհուրդին նկատմամբ։

Թող Տէրը օրհնէ  եւ Տիրամայրը պաշտպան կանգնի ձեզի  եւ մի մոռնաք աղօթել ինծի համար – ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով իր խօսքը։։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.