2015-05-29 09:31:00

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Յունիս ամսուայ գլխաւորած արարողութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան)  2015-ի Յունիս ամսուայ ընթացքին, Ֆրանչիսկսս Պապը կը գլխաւորէ հետեւեալ արարողութիւնները։

Հինգշաբթի, 4 յունիսին, Յիսուսի մարմնոյ եւ արեան տօնին առթիւ, երեկոյեան ժամը 7.00ին, Հռոմի Սան Ճովաննի ին Լաթէրանօ հրապարակին վրայ, Ֆրանչիսկոս Պապը կը մատուցէ  Սուրբ Պատարագ, որուն կը յաջորդէ  թափօր դէպի Սանթա Մարիա  Մաճճորէ Պազիլիքա ուր տեղի  կ՛ունենայ Սուրբ Հաղորդութեան Օրհնութիւնը

Շաբաթ, 6 յունիսին, նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութիւնը Սարայեվօ որուն առանցքը կը կազմէ խաղաղութիւնը, հաշտութիւնը ու կրօնական երկխօսութիւնը։

Կիրակի 21 յունիսին, Սրբազան Հայրը  հովուական այցելութեամբ կը մեկնի Իտալիոյ Թորինօ քաղաք երկու առիթներով. առաջին` Վարշամակի հրապարակային ցուցադրութիւնը  որ սկիզբ առած էր անցեալ 19 Ապրիլին եւ կ՛եզրափակուի 24 Յունիս 2015-ին, երկրորդ` Don Bosco-յի ծննդեան 200-րդ ամեակը որուն բնաբանն է ‘’Սէրը աւելի մեծ է’’։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հովուական այցելութիւնը կ՛եզրափակուի  22 Յունիսին։

Իսկ Շաբաթ, 27 յունիսի, առաւօտեան ժամը 10.00ին, Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը նախագահէ կարդինալական դասին Սուրբերու դատին հայող ժողովը, ապա Երկուշաբթի, 29 յունիսին, Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու  տօնին առթիւ, առաւօտեան ժամը 9.30ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, Սրբազան Հայրը կը մատուցանէ Սուրբ Պատարագ, որմէ ետք կը կատարէ օրհնութիւնը նորանշանակ մետրոպոլիտներու Պալիումներուն։ Արարողութեան  կը մասնակցի Կ.Պոլսէն եկած մէկ պատուիրակութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.