2015-05-29 12:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Նոր աւետարանութեան խորհուրդի անդամներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 29 Մայիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Կանայի Աշանթի ցեղի թագաւոր` Նորին Վսեմութիւն Օթունֆուօ Նանա Օզէյ Թութու Բ, որմէ ետք ընդունեց Վենեզուելլայի Քորօ Թեմին Արքեպիսկոպոսը գերապայծառ Ռոպեր Լիւքեր Լէոն ու ապա Սլովենիոյ վարչապետը` Տիար Միրօ Չէրար։

Ժամը 12.15-ին Քոնչիսթորօ Սրահին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի լիանսիտ գումարի մասնակիցներուն  ու այս առթիւ անոնց արտասանած իր ճառին մէջ իր գոհունակութիւնը յայտնեց գոյացած հանդիպման համար։

Սրբազան Պապը ողջունեց նաեւ Քրիստոնէականի Ուսուցման Միջազգային Խուրհուրդի անդամները, որ այժմ մաս կը կազմէ յիշեալ Քահանայապետական Խորհուրդին։ Նորին Սրբութիւնը ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ողորմութեան բացառիկ Յոբելեանին վրայ, ուր Նոր Աւետարանումի Խորհուրդը ունի յատուկ դեր մը յոբելեանի պատրաստման աշխատանքներուն մէջ։

«Հարկաւոր է ճանչնալ ժամանակի նշանները, որպէսզի Եկեղեցին կարողանայ Յիսուս Քրիստոս փոխանցել մեր ժամանակի մարդոց», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, աւելցնելով՝ թէ առաքելութիւնը միշտ նոյնն է, սակայն զայն փոխանցելու լեզուն է, որ պէտք է նորոգուի հովուական իմաստութեամբ։

Մեծ են ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրները՝ սակայն պէտք չէ վախով ընկրկինք անոնց դիմաց։ Այսօրուան մարդը կ՛ակնկալէ, որ Եկեղեցին ընկերանայ իրեն եւ պատասխաններ տայ հարցերու՝ Ս. Աւետարանով լուսաւորուած։ Յատկապէս մենակ անհատներ, գաղթականներ, աղքատներ, ծայրամասերու մէջ գտնուող այրեր եւ կիներ՝ զոհեր սպառողական ընկերութեան մը՝ կարիքն ունին մեր զօրակցութեան։

Ահա այս է այն ինչ որ մարդիկը կը սպասեն Եկեղեցիէն. Եկեղեցին պէտք է գիտնայ իրենց հետ ընթանալ, անոնց առաջարկելով հաւատքի հաւատալի վկայութիւն, զոր բոլորը զօրակից կը դարձնէ ու յատկապէս անոնք որոնք մեկուսացումի մէջ են – ըսաւ Քահանայապետը ու աւելցուց - Քանի աղքատներ կը սպասեն որ Աւետարանը զիրենք ազատագրէ – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պաղը – Քանի այրեր ու կիներ, սպառողական ընկերութեան յղացած գոյութենական արուարձաններուն մէջ կը սպասեն մեր մօտեցումին ու մեր զօրակցութեան։

Աւետարանը Աստուծոյ սիրոյն հռչակումն է որ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ մեզ կը կանչէ մասնակից դառնալու անոր կեանքին։

Նոր Աւետարանութիւնն ալ այս է` գիտակից դառնալ Հօր ողորմած սիրոյ` որպէսզի մենք եւս դառնանք մեր եղբայրներուն համար փրկութեան գործիքներ։

Սուրբ Հոգին որ է աւետարանութեան դերակատարը,  է նաեւ Եկեղեցւոյ զարգացումին եւ աճումին ճարտարապետը, Քրիստոսի ճշմարտութիւնը հասկնալու մէջ։ Ան է որ կը բանայ հաւատացեալներու սիրտը ու զայն կը բարեփոխէ որպէսզի ընկալուած ներումը կարենայ դառնալ սիրոյ փորձառութիւն հանդէպ եղբայրներուն։ Ու միշտ Սուրբ Հոգին է որ կը բանայ նաեւ Քրիստոսի աշակերտներուն միտքը որպէսզի կարենան ըմբռնել իրենցմէ պահանջուած յանձնառումը ու ինչպէս իրենց տուած վկայութեան ձեւերուն տալ արժէք ու հաւաստիութիւն։

Հարցումը թէ ի՞նչպէս  կը դաստիարակենք հաւատքը հիմնական է, ու ասոր պատասխանը քաջութիւն եւ ստեղծագործութիւն կը պահանջէ ու կը պահանջէ վճռակամութիւն յանձն առնելու նորանոր ուղեւորութիւններ - յարեց Նորին Սրբութիւնը եւ աւելցուց ''Քարոզչութիւնը որպէս մասնիկ աւետարանութեան դատին, պէտք է դաստիարակէ հաւատացեալները, մանկութենէն սկսեալ, հանդիպելու Քրիստոսին, որ է կենդանի եւ գործօն Իր եկեղեցւոյ մէջ։ Անոր հետ հանդիպումը մեր մէջ կ՛արթնցնէ իղձը աւելի լաւ ճանչնալու զինք ու ապա անոր հետեւելու ու դառնալու անոր աշակերտները։

Առ այդ` Նոր աւետարանութեան եւ քարոզչութեան մարտահրաւէրն է` ի՞նչպէս հանդիպիլ Քրիստոսին, ո՞րն է այն պատշաճ վայրը ուր կարելի է զինք գտնել, որպէսզի Անոր հետեւինք,  նկատել տուաւ Սրբազան Հայրը ու ճառը եզրափակեց ներկաներուն յայտնելով իր մօտիկութիւնն ու իր նեցուկը ու զանոնք յանձնելով Աստուածամօր հովանիին` Ողորմութեան Մայրը, որպէսզի օգնէ ու թիկունք կանգնի իրենց պահանջախնդիր գործունէութեան մէջ։

Ձեզ կ՛օրհնեմ ու կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.