2015-05-29 08:26:00

''Սուրբ Աթոռը, փախստականները եւ ռազմագերիները...'' Գիտաժողով։


(Ռատիօ Վատիկան) Պիոս ԺԲ քահանայապետի ընկերակցութեան ''Papa Pacelli'' կոմիտէն եւ Յիսուսեաններու գաղթականներու ծառայութեան Ասթալլի իտալական հաստատութիւնը կազմակերպած են գիտաժողով մը որուն բնաբանն է ''Սուրբ Աթոռը, փախստականները եւ ռազմագերիները, Փաչելլի Քահանայապետին աշխատանքը''  եւ որ տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ 29 Մայիսին։

Աշխատանքային նիստերու բացումը կը կատարէ Կարդինալ Անթոնիօ Մարիա Վելիոն` Գաղթականներու եւ փախստականներու հովուական խնամակալութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը։

Յայտագիրը կը նախատեսէ նաեւ միջամտութիւններ հայող Պիոս ԺԲ քահանայապետի յանձնառումին` ի սպաս փախստականներուն եւ պատերազմի գերիներուն, զոր կը ներկայացնէ  Ֆրանչիսկեան Հայր Ճուլիօ Չերքիեթթի ու ապա զրոյց Ֆրանչիսկոս Պապին յանձնառումին` ի սպաս գաղթականներուն զոր կը ներկայացնէ Յիսուսեան Հայր Քամիլլօ Ռիփամոնթին։ 

Ելոյթ կ՛ունենան նաեւ Տիար Մասսիմիլանօ Վալենթէ որ պիտի ներկայացնէ Վատիկանի`  ռազմագերիներու տեղեկատուական գրասենեակի գործունէութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.