2015-05-29 09:13:00

Իտալիոյ Փոմփէյ քաղաքին Մարեմեան սրբավայրի հետիոտն ուխտագնացութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) 29-31 Մայիսին Նափոլիի եւ Սորրէնթոյի թեմերը կը նորոգեն իրենց տարեկան ջերմեռանդութիւնը Աստուածամօր, Փոմփէյի Մարեմեան սրբավայրերին հետիոտն ուխտագնացութեամբ որուն այս տարուայ բնաբանն է ''Մարիամէն առաջնորդուած, արիութեամբ եւ յոյսով յառաջանանք դէպի (ծովուն) բացերը''։

Երեք օր տեւող Մարեմեան այս ուխտագնացութիւնները սկիզբ կ՛առնեն ուրբաթ`29 Մայիսի երեկոյեան։ Սորրէնթօ թեմին հաւատացեալները  հետիոտն կ՛ուղղուին դէպի Փոմփէյի Սրբավայրը  ուր կը ժամանեն երկրորդ օրը արեւածագին։

Շաբաթ կէսօրին Նափոլիի հաւատացեալները իրենց կարգի կ՛ույյուին դէպի Փոնմփեթյ ուր կը ժամանեն երեկոյեան եւ ուր Նափոլիի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Քրեշենցիօ Սեփեն հանդիսաւոր ս. Պատարագով կ՛եզրափակէ ուխտագնացութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.