2015-05-28 13:39:00

Հաղորդագրութիւն` Ֆրանչիսկոս Պապին Խրուաթիոյ Նախագահին շնորհած ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը նշեց թէ այսօր`  Հինգշաբթի 28 Մայիս 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Խրուաթիոյ հանրապետութեան նախագահ` Տիկ Քոլինտա Կրապար- Քիթարովիչ որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի  Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, շեշտը դրուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Խրուաթիոյ Հանրապետութեան միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւններուն վրայ, որոնք աւելիով ամրապնդուեցան երկկողմանի վերջին համաձայնութեան ստորագրութեամբ։

Քննարկուեցան ապա կողմերը հետաքրքրող հարցեր որոնց շարքին Եկեղեցի – Պետութիւն համագործակցութիւնը ի սպաս Խրուաթիոյ ընկերութեան հասարակաց բարիքին ու յատկապէս ընտանիքին եւ երիտասարդներուն։

Զրոյցները ապա յանգեցան համաշխարհային տնտեսական տագնապի` ընկերութեան վրայ ունեցած հետեւանքներուն ինչպէս նաեւ շրջանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու յատկապէս Խրուաթներու կացութեան Պոզնիա եւ Էրզեկովինայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.