2015-05-28 11:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 28 Մայիսի գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 28 Մայիսին, Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Տոմենիքեան հանրապետութեան եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամները, որոնցմէ ետք ունկնդրութիւն շնորհեց Խրուաթիոյ նախագահ` Տիկ Քոլինտա Կրապար Քիթարովիչին ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան հուսկ ընդունեց Սասոնիայի Նորին գերազանցութիւն` իշխան Ալէքսանտր Վոն Սաքսէնն ու անոր ընտանեկան պարագաները, մինչ ժամը 12-ին Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպում ունեցաւ Ուրուկուայի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Տիար Խօսէ Մույիքա Քորտանոյի ու անոր կողակիցին հետ։

Տոմենիքեան հանրապետութեան եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն յանձնած գրաւոր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը ակնարկեց Տոմենիքեան Հանրապետութեան աւետարանումին ու այդ աւետարանութեան հետեւանքներուն, գոհաբանութիւն մատուցելով առ Հայր։

Ան ապա անդրադարձաւ Եկեղեցւոյ այժմէական հարցերուն ու անոր դերին` Եկեղեցւոյ անդամները առաջնորդելու ու անոնց հաւատքն ու ինքնութիւնը ամրապնդելու առումով։

Սրբազան Հայրը  ընդգծեց ամուսնութեան ու ընտանիքի ապրած մշակութային ծանր տագնապը վերահաստատելով թէ` ընտանիքը այն վայրն է ուր կը դաստիարակուի ապրիլ միասնաբար հակառակ տարբերութիւններուն, ուր կը դաստիարակուի ներել ու փորձարկել ներումը եւ ուր ծնողները իրենց զաւակներուն կը փոխանցեն հաւատքի արժէքները։ Այս առընչութեամբ Սրբազան Հայրը հարկաւոր նկատեց հովուական աշխատանքը ի յայտ դնելու համար քրիստոնէական ամուսնութեան եւ ընտանեկան կեանքի իտէալները։ Ան ապա հրաւիրեց եպիսկոպոսները հոգ տանելու իրենց քահանաներուն եւ հովիւներուն ու յատկապէս թելադրեց ուշադրութեամբ ընտրել ժառանգաւորները ու անոնց կիրարկել պատշաճ դաստիարակութիւն եւ կազմաւորում։

Իր գրաւոր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը ակնարկեց ապա գաղթականութեան երեւոյթին ու այս ծիրէն ներս Եկեղեցւոյ հովիւներու հոգատարութեան ու քաղաքական իշխանութիւններու հետ անոնց համագործակցութեան, ի սպաս հարցերու լուծման եւ մարդկային հիմնական իրաւունքներու պաշտպանութեան։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ շեշտեց աշխարհականներու դերի կարեւորութիւնը աւետարանումի շրջագիծէն ներս ու պատուիրեց յատուկ ուշադրութիւն դարձնել երիտասարդներուն եւ նոր սերունդի հովուական խնամակալութեան։

Ի վերջոյ Սրբազան Հայրը յորդորեց աշխատիլ ի սպաս երկրի բնական հարստութիւններու պաշտպանութեան ու անոնց տրամադրելիութեան ի սպաս հասարակաց բարիքին։

Եղբայրներ գրեց Սրբազան Հայրը իր պատգամին աւարտին, կը խնդրեմ Տոմենիքեան սիրեցեալ զաւակներուն փոխանցել Քահանայապետի սիրալիր ողջոյնը, զիրենք կը յանձնեմ ''Ալդակրացիա'' Տիրամօր հովանիին։ Կը խնդրեմ նաեւ որ աղօթէք ինծի համար ու ձեզի կը շնորհեմ առաքելական օրհնութիւնս։








All the contents on this site are copyrighted ©.