2015-05-28 13:30:00

Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին


Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Մատեան Ողբերգութեան 80րդ գլուխը նուիրուած է Աստուածածնի։ Այդ գլխուն մէջ Գրիգոր Նարեկացի Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի համար կը գործածէ բազմաթիւ տիտղոսներ։ Այդ տիտղոսները լոկ բառեր չեն՝ դատարկ իմաստէ եւ բովանդակութենէ, այլ Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան արտայայտութիւնը, որ կը դաւանի՝ Մարիամ ընտրուած է Ամենասուրբ Երրորդութեան կողմէ ըլլալու մայր Մարդացեալ Աստուծոյ. ծնունդ տուած է Քրիստոսի՝ մնացած է սակայն միշտ կոյս։ Մարիամ թագուհին է երկնքի, եւ Ծննդոց գրքի մէջ խոստացեալ կինը, որ օձին գլուխը պիտի ճզմէ։ Մարիամ՝ լի է շնորհքներով եւ մեզի, հաւատացեալներուս համար՝ աղբիւր բարիքներու, որուն բարեխօսութեան կրնանք դիմել միշտ եւ ընդունիլ իր օգնութիւնը։

Մարիամ՝ Սուրբ Երրորդութեան ընտրեալը

Մարիամ ընտրուած է Սուրբ Երրորդութեան կողմէ՝ ըլլալու Աստուածորդւոյն մայրը։

“Ի բարձրեալն Հաւրէ զաւրացեալ եւ հովանացեալ,

Հանգստեամբ Հոգւոյն հանդերձեալ եւ մաքրագործեալ,

Բնակութեամբ Որդւոյն յարդարեալ եւ տաղավարեալ։”

Մարիամ՝ մայր Մարդացեալ Աստուծոյ

Մարիամ մայրն է Մարդացեալ Աստուծոյ եւ միշտ կոյս, Գրիգոր Նարեկացիի կողմէ բարեբանուած՝ “Սուրբ Աստուածածին, ծնողդ Աստուծոյ, խորան բարձրելոյդ, տաճար երկնային, աղախին Աստուծոյ եւ մայր, տիրամայր. Մայրդ բարձրելոյ Տեառն Յիսուսի՝ Արարչին երկնի եւ բնաւին երկրի, զոր անճառապէս ծնար բովանդակ մարմնովն եւ համայն աստուածութեամբն՝ Որդի քո՝ ծննդեամբ եւ Տէր՝ արարչութեամբ. միշտ սուրբ կոյս։”

Մարիամ՝ թագուհի երկնքի

Մարիամ հրեշտականման է եւ թագուհի երկնքի. ան Ծննդոց գրքին մէջ խոստածուած կինն է, որ խորտակեց անէծքը՝

“Հրեշտակ ի մարդկանէ, մարմնատեսիլ քերոբէ, երկնաւոր արքայուհի. խոստովանեալ մայրդ կենդանեաց (Ծննդ Գ. 20), ողջացուցիչ երկանցն Եւայի, լուծիչդ անիծից, եղծման ընդոտնիչ, երանաւոր խոստմանն տեղի (Հմմտ. Ծննդ ԺԲ. 7), եդեմ շնչական, ծառ կենացն անմահից՝ բոցեղէն սրովն պարունակեալ (Ծննդ Գ. 24), մահու նահանջիչ։”

Մարիամ՝ շնորհքներով լի եւ աղբիւր բարիքներու

Մարիամ շնորհքներով լի է եւ մեր կեանքին, մեր հոգւոյն համար աղբիւր է բարիքներու՝

“Հանգիստ, խաղաղարար, քաղցրութիւն, հաշտութիւն, կենդանի լոյս, բերկրութիւն, դեղ կենաց, հոգելից, կտակ նուիրեալ, սրբուհի, գովեալդ ի կանայս, անարատ, երջանիկ, բարեշնորհ, մեծարեալդ Աստուծոյ, գովեալ, անխառն իբրեւ զաւդ, մաքուր որպէս լոյս, գերազանց՝ քան զբնակութիւն անկոխելիին սրբութեանց (Ծննդ Թ. 3-6)։”

Մարիամի բարեխօսութիւնը

Մենք միշտ կրնանք Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի խօսքերով դիմել Աստուածածնի բարեխօսութեան՝ “Բարեխաւսեա´, խնդրեա´, աղաչեա´. Ըստ անճառելի մաքրութեանդ՝ ընկա´լ զմաղթանս. Մատո´ ընծայեա´ զբանն իմ. Արտասուաւք աւգնեա´ վտանգեցելոյս. Ընդ իմում թշուառի´ս հոգա. Ձե´ռն տուր անկելոյս. Հիւսեա´ միացո´ զմեղուցելոյս դառն հեծութիւն, ընդ քումդ երջանիկ եւ խնկաւորեալ հայցուածոց. Աւժանդակեա´ թեւոցդ աղաւթիւք, եւ ելիցն իմ յերկրէս հովտէ առանց լլկանաց հետեւելի ի կեանս աւթեւանացդ պատրաստութեան։”

Մարիամի օգնութիւնը

Վերջապէս, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի համար ապահով է Աստուծածնի օգնութիւնը, երբ մենք վստահութեամբ կը դիմենք Անոր՝

“Եւ ցուցցի´ փրկութիւն իմ քեւ, եթէ զիս գտցես, թէ ինձ ողորմեսցիս, թէ զկորուսեալս շահեսցիս, թէ զհարթուցեալս յանձանձեսցես, թէ զամաչեցեալս յառաջ մատուսցես, թէ յուսահատելոյս ինձ միջնորդեսցես, թէ զմերժեալս ընտանեցուցսցես, թէ յիս ցուցցես զգթածութիւն, թէ զծփեալս հաստատեսցես, թէ ի խռովութեանս յուզմանց փոխեսցես զիս, թէ վրիպելոյս ինձ հնարաւորեսցես, թէ վասն իմ մտցես ի հանդէս, թէ զդառնութիւնս իմ անուշեսցես, թէ զբաժանմանն իմ խդրոց քակտեսցես, թէ զանմաքրութիւնց իմ բարձցես, թէ զմատնեալս մահու փրկեսցես, թէ զլալեացս ձայն հատցես, թէ զխորտակեալս կազդուրեսցես, թէ ի կործանեալս յիս ակնարկեսցես, թէ ողորմութեանբ ինձ պատահեսցես։ Կաթիլ մի կաթին քումդ կուսութեան, յանձն իմ անձրեւեալ, կենաց ինձ զաւրէ։”








All the contents on this site are copyrighted ©.