ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ 27 Մայիսին ընդունած է Հայաստանի
արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանն ու անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան համաձայն՝ հանդիպման ընթացքին կողմերը շեշտած են
Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ խոր արմատներ ունեցող պատմական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը
եւ ընդգծած են անոնց ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը՝ ի շահ երկու երկիրներուն եւ տարածաշրջանին:
Սուրիոյ նախագահը դիտել տուած է, որ Հայաստանին կարեւոր դեր վերապահուած է ահաբեկչութեան
դէմ պայքարին մէջ, նաեւ ընդգծած է տարածաշրջանի իրական պատկերը արեւմտեան երկիրներուն
ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը: «Սուրիոյ «Այն տառապանքը, որ պատմութեան մէջ հայ ժողովուրդը
ապրեցաւ, այժմ սուրիացիներու բոլոր հատուածները կ՛ապրին՝ սպանութեան ու ահաբեկչութեան
նոյն գործիքներով, սակայն տարբեր ձեւով ու նպատակի համար», շեշտած է Ասատ։ Ան դիտել տուած
է, որ Թուրքիա վտանգաւոր դեր կը խաղայ՝ նշելով, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճնշում
բանեցնէ Թուրքիոյ վրայ՝ դադրեցնելու իր ապակառուցողական գործողութիւնները: Իր կարգին
Էդուարդ Նալբանդեան դատապարտած է սուրիացիներուն դէմ ահաբեկչական գործողութիւնները՝ նշելով,
որ սպառնալիքը կը պահանջէ միասնական եւ լուրջ ջանքեր ի գործ դնել՝ ահաբեկչութեան դէմ
պայքարելու համար:
All the contents on this site are copyrighted ©. |