2015-05-27 10:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը. Ընտանիքը` նշանտուքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօր կ՛ուզեմ խօսիլ նշանտուքի մասին, բառ մը որ կապակցութիւն ունի վստահութեան, մտերմութեան,եւ ապաւինումի հետ։ 

Այս բառերով է որ Ֆրանչիսկոս Պապը սկիզբ տուաւ չորեքշաբթի` 27 Մայիսին հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին արտասանած ճառին, որուն մէջ շեշտեց ամուսնութեան կոչումի կարեւորութիւնը որ - ըսաւ Ան - Աստուծոյ պարգեւ մըն է   որ կը պահանջէ որոշումի ներդաշնակ ու գիտակից մօտեցում, եւ ոչ թէ պարզ ներգրաւումի կամ անցողական զգացումի արտայայտութիւն։

Մարդու եւ կնոջ միջեւ սիրոյ դաշինքը , ոչ թէ յանկարծաբանական այլ կեանքի դաշինք մըն է, որուն կը վարժուինք եւ որ կը կատարելագործուի։ Արհեստաւորական դաշինք մըն է։ Երկու կեանքերէ մէկ կեանք մը ստեղծել։ Ապա ազատութեան եւ սրտին` հաւատքին յանձնուած հրաշք մը։

Նշանտուքի շրջանի ընթացքին, երկու անձերը կանչուած են միասնաբար աշխատելու եւ խորացնելու իրենց սէրը։ Եկեղեցին, իր իմաստութեամբ,  կը շեշտէ տարբերութիւնը նշանտուքի եւ ամուսնութեան միջեւ։ Ժամանակակից ընկերութիւնն ու մշակոյթը անտարբեր կը ձւանան  այս անցքի զգայնութեան հանդէպ  ու անոր լրջութեան նկատմամբ ու այս ի յայտ կու գայ  անոնց ունեցած վարմունքէն` երիտասարդ զոյգերու հանդէպ որոնք մտադիր են ընտանիք կազմել եւ զաւակներ ունենալ։

Ամուսնութեան նախապատրաստական դասընթացքները յատուկ արտայայտութիւն մըն են այդ քայլի լրջութեան,  հարկաւոր է առ այդ վերարժէքաւորել նշանտուքը որպէս ճանապարհ դէպի ս Պսակ, հիմնուելով քրիստոնեայ զոյգերու վկայութեան վրայ, աղօթքի եւ Սուրբ Գիրգի ընթերցումին, խոստովանանքի եւ սուրբ հաղորդութեան խորհուրդներու մօտեցումին եւ աղքատներուն հանդէպ եղբայրութեան` որ մեր մէջ կ՛արթնցնեն խոհեմութեան եւ  բաժնեկցութեան զգացումները։ Այս բոլորը մեզ կը մղեն լաւապէս պատրաստուելու ս. պսակի խորհուրդին ոչ թէ աշխարհիկ մտայնութեամբ այլ քրիստոնէաբար – ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը հաստատելով  թէ - նշանտուքի շրջանը կրնայ արդարեւ դառնալ ժամանակաշրջան սկզբնաւորութեան  հոգեւոր պարգեւներու անակնկալներուն, որով Տէրը իր Եկեղեցւոյն միջոցաւ, կը հարստացնէ ընտանիքի հորիզոնները, որ կը պատրաստուի ապրիլ Անոր օրհնութեան մէջ։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով  երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն. Երէկ – ըսաւ Սրբազան հայրը  - տօնն էր Սուրբ Ֆիլիփփօ Ներիին, որուն ծննդեան 500-րդ տարեդարձը կը տօնախմբենք. Սիրելի երիտասարդներ ձեզ խթանէ ձեր կեանքի մէջ ուրախութեամբ վկայելու հաւատքը։ Անոր Փրկիչ Քրիստոսին յանձնումը ձեզի թիկունք կանգնի, սիրելի հիւանդներ, յուսահատութեան պահերուն ու անոր  արուարձաններու մէջ կատարած առաքելութիւնը ձեզ­ի սիրելի նորապսակեալներ, հրաւիրէ թիկունք կանգնելու ձեր ընտանիքին մաս կազմող տկարներուն եւ կարօտեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.