2015-05-27 09:31:00

ՀՀ ԱԳ նախարարը կ՛այցելէ Սուրիա


ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Սուրիոյ փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Վալիդ Մուալլեմի հրաւէրով Մայիս 27-­ին կ՛այցելէ Դամասկոս: Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն, այցելութեան ծիրէն ներս Էդուարդ Նալպանտեան հանդիպումներ պիտի ունենայ Սուրիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը պիտի հանդիպի նաեւ սուրիահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.