2015-05-26 09:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Առաքելութեան 89րդ Համաշխարհային օրուան առիթով։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապ՝ Պենտեկոստէի տօնին, մայիսի 24ին պատգամ մը ուղղած է Առաքելութեան 89րդ Համաշխարհային Օրուան առիթով, որ տեղի պիտի ունենայ տարւոյս հոկտեմբերի 18ին։

“Առաքելութիւնը մարդորսութիւն չէ, այլ հրայրք՝ Քրիստոսի, ժողովուրդին եւ Սուրբ Աւետարանին հանդէպ։” Այս խօսքերով Սրբազան Պապը կ’ոգեւորէ երիտասարդները եւ աշխարհականները, որ առաւել եռանդով նուիրուին Եկեղեցւոյ առաքելութեան աշխատանքին։

Առաքելութիւնը մաս կը կազմէ “հաւատքի քերականութեան - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ - հետեւաբար ո´չ մարդորսութիւն է եւ ո´չ ալ ռազմավարութիւն”։ Ան կը մատնանշէ ամուր կապ մը կրօնաւորական կեանքի եւ առաքելութեան միջեւ եւ կ’աւելցնէ՝ “այն որ Յիսուսի կը հետեւի չի կրնար հրաժարիլ ըլլալէ առաքեալ. հետեւաբար պէտք է դուրս գայ առաքելութեան լայնածաւալ ծայրամասերուն վրայ, հոն՝ ուր Աւետարանը տակաւին ժողովուրդներուն չէ հասած։” Այն անհատը, որ առաքեալ է, ինքզինք պէտք է ամբողջութեամբ նուիրէ Աւետարանի քարոզութեան՝ առանց զիջումներու։ Այն անհատը, որ կ’ընդունի ըլլալ առաքեալ, կոչուած է՝ ապրելու´ իբր առաքեալ. իսկ այս առաքելութենէն հեռանալու որեւէ միտում՝ չի համապատասխաներ Տիրոջ կոչին եւ Աւետարանի ծառայութեան։ Հետեւաբար առաքելական հիմնարկներու կազմաւորումի պատասխանատուները պէտք է “յստակութեամբ եւ ուղղամտութեամբ” նշեն առաքելութեան հեռանկարները, եւ “հեղինակութեամբ կատարեն առաքելական հարազատ կոչումներու ընտրութիւնը։”

 

Սրբազան Պապը երկրորդ կէտին մէջ, յատուկ կոչ կ’ուղղէ երիտասարդներուն, որոնք կարողութիւն ունին անվախ վկայութեան եւ վեհանձն ձեռնարկութիւններու՝ երբեմն նաեւ հոսանքի հակառակ։ “Թոյլ մի տաք՝ որ ձեզմէ կորզեն ճշմարիտ առաքելութեան եւ Յիսուսի հետեւելու երազանքը, որովհետեւ Աւետարանի քարոզութիւնը, առաջին հերթին՝ անհրաժեշտութիւն մըն է այն անհատին համար, որ կը սիրէ Յիսուսը։”

Սրբազան Պապը յորդորեց կրօնաւորները, որ առաքելական ծառայութեան մէջ խրախուսեն աշխարհական հաւատացեալներու ներկայութիւնը, անվախօրէն բացուելով անոնց, որոնք տրամադիր են, թէկուզ կարճ ժամանակի համար, իրենց համագործակցութիւնը բերելու։ Բոլոր աշխարհականներու ներդրումը մաս կը կազմէ առաքելութեան, որովհետեւ առաքելութեան կոչումը կը սկսի արդէն Մկրտութեան խորհուրդով եւ կը հայի բոլորին։

Պատգամի երրորդ կէտին մէջ՝ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ կ՛անդրադառնայ ներկայի առաքելութեան առաջնահերթ մարտահրաւէրին, որ է՝ “յարգել բոլոր ժողովուրդներու կարիքները՝ մեկնելով ուրոյն արմատներէն, եւ պահպանել տուեալ մշակոյթներու սեփական արժէքները։” Իւրաքանչիւր ժողովուրդ եւ իւրաքանչիւր մշակոյթ իրաւունքն ունի ուրոյն աւանդութենէն օգուտ քաղելու՝ կարենալ հասկնալու համար Աստուծոյ խորհուրդը եւ ընկալելու Աւետարանը։ Սրբազան Պապը կը շեշտէ՝ որ “Աւետարանի քարոզութեան առանձնաշնորհեալ ընդունողները՝ աղքատները, փոքրերը, հիւանդները, անտեսուածները եւ մոռցուածներն են, որովհետեւ հաւատքի եւ աղքատներու միջեւ անքակտելի կապ մը կայ” պէտք է անոնց փոխանցել Աւետարանի ուրախութիւնը եւ Աստուծոյ սէրը։

Վերջապէս՝ Սրբազան Պապը ընդգծեց համագործակցութեան եւ ուժերու համադրումի հարկաւորութիւնը՝ Հռոմի Եպիսկոպոսին եւ Եկեղեցւոյ առաքելական հաստատութիւններուն միջեւ։ Այսպիսի համադրում մը կը համապատասխանէ Աւետարանի միութեան հոգիին։








All the contents on this site are copyrighted ©.