2015-05-26 11:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը` ''հակա-վկայութիւն է տեսնել աշխարհիկ քրիստոնեաներ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Տգեղ է տեսնել աշխարհիկ քրիստոնեաներ, կարելի չէ ունենալ Երկինքն ու Երկիրը։ ''Տգեղ է տեսնել աշխարհիկ քրիստոնեաներ'' որոնք կ՛ուզենան ''հետեւիլ Յիսուսին եւ աշխարհին''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին յանդիմանութիւնը, Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։
Քրիստոնեան կանչուած է հիմնական ընտրանք մը կատարելու, կիսատ քրիստոնեայ կարելի չէ ըլլալ եւ կարելի չէ ունենալ երկինքն ու երկիրը – ըսաւ Ֆարնչիսկոս Պապը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, ուր կը պատմուի Յիսուսին` Պետրոսին տուած պատասխանի մասին այն հարցումին  թէ ''ի՞նչ վերապահուած է իրեն հետեւող  աշակերտներուն''։  Յիսուս կը պատասխանէ խօսելով Աստուծոյ Արքայութեան ժառանգութեան` հալածանքներուն եւ խաչի մասին։  Այս կը նշանակէ ուրանալ ինքզինք եւ ամէն օր կրել խաչը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը,  աւելցնելով թէ Յիսուսի հետեւելու ձրիութիւնը կը համապատասխանէ Յիսուսին մեզի տուած փրկագործութեան սիրոյ ձրիութեան։
''Երբ կ՛ ընթանանք Յիսուսին եւ աշխարհին հետ,­ աղքատութեան եւ հարստութեան հետ կը նշանակէ ըլլալ կիսատ քրիստոնեաներ'', ընդգծեց Քահանայապետը հաստատելով թէ ''հարստութիւնը, հպարտութիւնն ու ունայնութիւնը մեզ կը հեռացնեն Յիսուսէն''։ 
Յիսուս արդարեւ կը հաստատէ ''առաջինները վերջին պիտի ըլլան ու վերջինները առաջին'' այսինքն այն որ ինքզինք աւելի մեծ կը նկատէ պիտի դառնայ ամենափոքր եւ ծառայ։
Յիսուսին հետեւիլը մարդկային տեսակէտէն շահաբեր գործ մը չէ. Կը նշանակէ ծառայել։  Ինք եւս այսպէս ըրաւ ու Անոր մեզի ցոյց տուած ճանապարհը ''մերկութեան'' ճանապարհն է - ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ու քարոզը եզրափակեց հաստատելով թէ ''Տգեղ է տեսնել քրիստոնեայ մը որ երկու բաներու կը ձգտի` Յիսուսին եւ աշխարհին'' ընդգծելով թէ այս մէկը հակա -վկայութիւն մըն է ու  հրաւիրելով ներկաները խոկալու Պետրոսի հարցումի մասին ու Յիսուսին անոր տուած պատասխանին` նմանելու Իրեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.