2015-05-26 12:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը ''Փոքր Եղբայրներու'' միաբանութեան անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 26 մայիսին, կէսօրին ժամը 12.15-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Քլէմէնթինա սրահին մէջ հանդիպեցաւ Փոքր Եղբայրներու միաբանութեան անդամներուն,  որոնք Հռոմի  մէջ կը գումարեն  իրենց միաբանութեան ընդհանուր ժողովը։

Այս առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապը անոնց ուղղած պատգամին մէջ յայտնեց

թէ միաբանութեան ընդհանուր ժողովի մէջ կատարուած խորհրդածութիւններուն միաբան հայրերը առաջնորդուած են միաբանութեան ինքնութեան պատկան երկու  յատկանշական տարրերէն՝ “փոքրութիւն”  եւ “եղբայրակցութիւն”։

“Փոքրութիւնը”, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, մեզ կը մղէ ըլլալու եւ զգալու փոքրիկ՝ Աստուծոյ դիմաց, ամբողջովին ապաւինելով Անոր անսահման ողորմածութեան։

Ողորմութեան հեռանկարը անհասկնալի է բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց անձը փոքրիկ եւ մեղաւոր  չեն զգար ի դէմս Աստուծոյ։ Ինչքան գիտակից ենք սոյն իրողութեան՝ այդքան մօտիկ կը գտնուինք փրկութեան։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով միաբանութեան ինքնութեան երկրորդ տարրին՝ “եղբայրակցութեան” ըսաւ՝ “Նաեւ Եղբայրակցութեան ծաւալը էական մաս կը կազէ Աւետարանական վկայութեան։ Եկեղեցւոյ սկզբնական շրջանին՝ քրիստոնեաները  կ՝ապրէին եղբայրական  հաղորդութիւնը այն աստիճան՝ որ  կը կառուցէին  սիրոյ եւ միութեան հրապուրիչ նշան մը։ Ժողովուրդը կը հրապուրուէր՝ տեսնելով քրիստոնեաներու  մէջ միութեան սէրը անոնց  փոխադարձ անձնուիրումի  եւ ներելու պատրաստակամութիւնը, ուրախութեան եւ ցաւերու մէջ միահոգի ըլալը, ինչպէս նաեւ կեանքի փորձառութիւնները բաժնեկցելու իրարու միջեւ։”

“Ձեր միաբանութիւնը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, կանչուած է՝ արտայայտելու սոյն շօշափելի եղբայրութիւնը՝ ձեր միջեւ վերագտնելով վստահութիւնը՝ որպէսզի աշխարհը տեսնէ եւ հաւատայ։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա մէջբերելով Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մի քանի յորդորներ, ըսաւ՝

“Սոյն յորդորները ’եղբայրութեան’ եւ ’փոքրութեան’ մարգարէաշունչ  է մեր ժամանակակից աշխարհին համար։  Ինչքան անհրաժեշտ  է ապրիլ քրիստոնէական գոյութենականութիւն՝ առանց կորսուելու խօսակցութիւններու մէջ, մշակելով բոլորին  հետ պայծառ երկխօսութիւն եւ աւետելով խաղաղութիւն։ Սուրբ Հոգին, կրօնաւորական կեանքի ոգեւորողն է. ինչքան աւելիով տեղ տանք Անոր՝ այնքան աւելիով Ան կը խանդավառէ մեր յարաբերութիւնները, եկեղեցւոյ առաքելութիւնը եւ աշխարհը։ Սուրբ Հոգիին ճրագն ու զօրութիւնը պիտի օգնէ ձեզի դիմագրաւելու համար բոլոր մարտահրաւէրները, որոնց շարքին նաեւ կոչումներու պակասը։”

Հայցելով Տիրամօր հովանին Փոքրերու Միաբանութեան վրայ՝ Ֆրանչիկսոս Պապ առաքեց միաբանութեան անդամներուն իր Առաքելական օրհնութիւնը, խնդրելով նաեւ, որ աղօթեն իրեն համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.