2015-05-26 09:32:00

Յիսուս կ'ուզէ մեզ բժշկել, մեր սրտերը բանանք իրեն


Աւետարան ըստ Մարկոսի 3, 1-6.

«Յիսուս կրկին սինակոկ մը կը մտնէ ուր կը գտնուէր մարդ մը որուն ձեռքը գօսացած էր: Յիսուսին կը դիտէին որ տեսնէին եթէ Շաբաթ օրով պիտի բժշկէր մարդը որպէսզի կարենային զինքը ամբաստանել: Յիսուս նայեցաւ գօսացած ձեռքով մարդուն եւ ըսաւ. «Ոտքի կեցիր եւ հոս մէջտեղ եկուր»: Իր խօսքը ուղղելով շուրջիններուն, հարցուց անոնց. «Արտօնուա՞ծ է Շաբաթ օրով բարիք կամ չարիք ընել: Կեանք ացատե՞լ կամ մեռցնել»: Շուրջինները ամէնքն ալ լռութիւն կը պահէին:

Յիսուս իրենց նայեցաւ եւ ցաւեցաւ անոնց սրտի կարծրութեան համար, եւ մարդուն ըսաւ. «Ձեռքդ երկարէ»: Ան երկարեց եւ իր ձեռքը բուժուեցաւ: Ասոր վրայ, փարիսեցիները  եւ Հերովդէս թագաւորին մարդիկը ժողովեցին որպէսզի որոշեն ինչպէս սպաննել տալ Յիսուսը:»

Մուտքի Աղօթք

Եկուր Սուրբ Հոգի եւ բաց իմ սիրտս եւ հոգիս աղօթքի որպէս զի կարենամ համեստօրէն ներկայանալ քու առջեւդ: Հեռացուր ինձմէ իմ ամէնօրեայ մտածումներս ու մտահոգութիւններս որպէսզի կարենամ մի միայն քու խօսքդ լսել:

Տէ՛ր, լուսաւորէ զիս որպէսզի ճանչամ սրտիս կարծրութիւնը եւ ըրէ՛ որ քու ողոր-մութիւնդ զայն փոխէ:

Մտածականի կէտեր

«Յիսուսի կը դիտէին որպէսզի տեսնեն եթէ բժշկութիւն պիտի ընէր Շաբաթ օրով»:

Առաքելութեան առաջին օրերէն իսկ, Յիսուս ենթակայ էր փարիսեցիներու քննադա-տութեան: Նախապէս իրեն դիտողութիւն ըրին որ ցորենի հատիկը քաղած ու կերած էր իր աշակերտներուն հետ շաբաթ օրով եւ այսօր զինք ամբաստանեցին որ մարդ մը բժշկած է շաբաթ օրով:

Կարելի է զուգահեռութիւն մը ընել գօսացող ձեռքին եւ փարիսեցըներուն սրտի կարծ-րութեան միջեւ: Յիսուսին ուղղած հարցումը թէ կարե՞լի է արդեօք բարիք կամ չարիք ընել շաբաթ օրը, կը նշանակէր թէ փարիսեցիները կը կարծէին թէ նոյնիսկ բարի գործեր կարելի չէր ընել շաբաթ օրով, հակառակ որ հրէական օրէնքը կ'արգիլէր միայն չար գործերը:

«Այնտեղ կը գտնուէր մարդ մը որուն ձեռքը գոսացած էր»: Եկեղեցւոյ Հայրերը այդ «գօսա-ցած ձեռքը» կը նմանցնէին մարդկային ցեղին որ անկարող է բարի գործ մը ընել առանց Աստուծոյ ողորմութեան:

Այս ձեռքի գօսացումը արդիւնքն է մեր նախահայրերուն սկզբնական մեղքին զոր Յիսուս քաւեց բազուկները բանալով խաչին վրայ: Գօսացած ձեռքով մարդը այն անձն է որ կը դերանայ բարիք գործելէ եւ այսպիսով կը դառնայ չորցած եւ անօգուտ: Նոյն ձեռքը կրնայ կրկին իր ուժը վերագտնել երբ անձը փափաքի հաստատ ընդանալ Առաքինութիւններու կեանքին մէջ: Ասոր համար Յիսուս ըսաւ. «Ոտքի կեցի՛ր», այսինքն դուրս ելի՛ր մեղքի կեանքէն:

Յիսուսի խօսքերը «ոտքի կեցիր», «ձեռքդ երկարէ» կրնան մեզի վերագրուիլ երբ կը մոռնանք մեր շուրջը բարիք ընելէ եւ կամ երբ մեր սիրտը կը կարծրանայ եւ անխնայ կերպով կը դատենք ուրիշները: Յիսուս կ'ուզէ մեզի միշտ բժշկել բայց պէտք է գիտնանք մեր ձեռքը երկարել, մեր սիրտը բանալ: Յիսուս մեզի աւանդեց որ մարդը աւելի կարեւոր է քան օրէնքը ըւ թէ կարելի չէ սահմանաբակել բա-րիքը կամ Աստուծոյ շնորհքին ներդրումը մեր սրտին մէջ:

 Տէր Աստուած, քու դրած օրէնքներդ նպա-տակ չունին մարդ արարածը ճզմելու այլ ծաղ-կելու ճշմարտութեան մէջ: Հեռու պահէ մեզ օրէնապաշտութենէն ըստ որուն օրէնքը աւելի կարեւոր է քան ողորմութիւնը, եւ տուր մեզի որ ապրինք բոլորովին քու Սուրբ Հոգիիդ ուղղութեան համաձայն: Ամէն:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.