2015-05-26 08:47:00

Կարդինալ Քոխի այցելութիւնը Պելկրատ։


(Ռատիօ Վատիկան) Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` կարդինալ Քոխ, պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած է Պելկրատ` 25-29 Մայիս։

Համամիութենական գետնի վրայ կարդինալ Քոխի Պելկրատ այցելութեան առանցքը պիտի հանդիսանայ անոր հանդիպումը օրթոտոքս պատրիարք  Իրենեյի  հետ 28 Մայիսին։

Կարդինալը ապա կը մասնակցի համամիութենական միջազգային գիտաժողովին, որուն նիւթն է.` ‘’Մէկ, Սուրբ, Քրիստոսի առաքելական ու հասարակաց Եկեղեցին’’, որ տեղի կ՛ունենայ Պելկրատի օրթոտոքս  աստուածաբանական համալսարանի  սրահին մէջ։

Գիտաժողովը նուիրուած է Yves Congar-ի`  համամիութենական հանրածանօթ աստուածաբանին։ Նիստերուն կը մասնակցին Սերպիայէն, Աւստրեայէն եւ Սլովէնփայէն եկած օրթոտոքս աստուածաբաններ։

Միջազգային Գիտաժողովը բարեպատեհ առիթ մը կը հանդիսանայ վերահաստատելու սերտ կապերը Սերպիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ հետ։

Կարտինալ Քոխ` Պելկրատ կեցութեան ընթացքին հանդիպում պիտի  ունենայ նաեւ երկրի պետական իշխանութիւններուն հետ  ինչպէս նաեւ Սերպիոյ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.