2015-05-25 09:15:00

Գիտաժողով նուիրուած` Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան եւ աշխատանքի աշխարհին։


(Ռատիօ Վատիկան) 25-27 Մայիս Վատիկանի մէջ տեղի կ’ունենայ միջազգային գիտաժողով մը նուիրուած Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան եւ աշխատանքի աշխարհին, կազմակերպութեամբ  ''Centesimus Annus – Pro Pontifice''  ընկերային հիմնարկութեան։

Ժողովականները պիտի քննարկեն երկու հարցումներ հայող թէ հարուստ տնտեսութեան եւ թէ աղքատ տնտեսութեան այն է ''եթէ կարելի է իրագործել զարգացում մը առանց սպառապաշտութեան, ''ան պաշտօն'' տնտեսութեամբ ու աշխատանքի ապագայի պահպանութեամբ։

Վերոյիշեալ ձեռնարկի ծիրէն ներս` Երեքշաբթի 26 մայիսի երեկոյեան ժամը 5-ին, Սուրբ Աթոռի Ատեանի պալատին մէջ,  տեղի պիտի ունենայ պարգեւատրումի արարողութիւնը ''Տնտեսութիւն եւ ընկերութիւն'' միջազգային մրցանակին։

Անցեալ Փետրուարին հրապարակուեցաւ մրցանակակիրներու անունները. Առաջինը` ''ֆինանսաւորում` քրիստոնէական տեսողութիւն. Միջնադարեան դրամատունէն դէպի Ֆինանսական համաշխարհայնացում'' Փիթր Տէ Լոզունի աշխատասիրութիւնը։

Երկրորդը` յատկացուած ''Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան'' երիտասարդ հետազօտողներուն որուն արժանացան Արթուրօ Պելլոք Մոնթանօ եւ Աlեքսանտր Սթումմվոլ։

Պարգեւատրումի արարողութիւնը կեզրափակէ կարդինալ Փարոլինը Ս. Աթոռի Պետական քարտուղարը։








All the contents on this site are copyrighted ©.