2015-05-24 12:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Պենտեկոստէի օրուան Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 24 Մայիսի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որուն սկիզբը ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ անդրադարձաւ օրուան տօնի իմաստին ու եղելութեան, յայտնելով թէ Գործք առաքելոցին մէջ կը պատմուի թէ Զատկուընէ յիսուն օրեր ետք. այնտեղ ուր Յիսուսի աշակերտները մէկ տեղ էին ''Յանկարծ երկինքէն հնչիւն մը լսուեցաւ, նման սաստիկ հողմի ....եւ ամէնքը լեցուեցան Սուրբ Հոգիով'' Գործք Առաքելոց (2,1-2)։ Այս եղելութենէն ետք աշակերտները կերպարանափոխուեցաւ` վախին տեղ տիրեց քաջութիւն, ու ամէն կասկած փարատեցաւ, սիրով լի հաւատքին շնորհիւ։ Այս եղաւ ''եկեղեցւոյ'' մկրտութիւնը որով ան սկսաւ իր պատմութեան ուղեւորութիւնը, առաջնորդուած Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ։

Այդ դէպքը – ըսաւ Քահանայապետը - փոխեց աշակերտներուն սիրտն ու կեանքը։ Սուրբ Հոգւոյն շնորհքը կը վերահաստատէ լեզուներու ներդաշնակութիւնը որ կորսուած էր Պապելի աշտարակէն  ի վեր։ Եկեղեցին այսպէսով կը ծնի տիեզերական, մի եւ կաթողիկէ, իւրայատուկ սակայն բաց ինքնութեամբ որ կը պարուրէ համայն աշխարհը առանց անտեսելու եւ ոչ մէկը։

Սուրբ Հոգւոյ գալուստը աշակերտներու սրտին մէջ նոր շրջանի մը սկիզբն է, շրջան  վկայութեան եւ եղբայրութեան։

Պենտեկոստէի օրուան նման, Սուրբ Հոգին շարունակական կերպով կը զեղու Եկեղեցւոյ ու մեր իւրաքանչիւրի վրայ որպէսզի դուրս գանք մեր միջակութենէն ու մեր փակումէն, համայն աշխարհին աւետելու Տիրոջ ողորմութեան սէրը։ Այս է մեր առաքելութիւնը։ Մեզի ալ շնորհուած է Աւետարանի լեզուն եւ Սուրբ Հոգւոյն կրակը որպէսզի երբ հռչակենք Յարուցեալ Յիսուսը, կենդանի ու մեր մէջ բնակող, ջերմացնենք ժողովուրդներու սրտերը զանոնք մօտեցնելով Անոր որ է ճանապարհ ճշմարտութեան  եւ կեանք – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի Սուրբ Հոգին առատութեամբ զեղու ժամանակակից Եկեղեցւոյ վրայ ու լիացնէ բոլոր հաւատացեալներուն սրտերը ու անոնց մէջ վառէ իր սիրոյն կրակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.