2015-05-24 14:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապի նամակը Օսքար Արնուլֆօ Ռոմէրոյի երանացման արարողութեան առթիւ.


(Ռատիօ Վատիկան) Գերապայծառ Օսքար Ռոմէրոյի երանացման արարողութեան առթիւ, որ կատարուեցաւ շաբաթ, 23 մայիսին,  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շնորհաւորագիր յղեց Էլ Սալվատորի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահ Արքեպիսկոպոսին` գերապայծառ Խօսէ Լուիս Էսքոպար Ալասի։

Նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը գրած է, թէ  գերապայծառ Ռոմէրոյի երանացումը ուրախութեան աղբիւր  մըն է Սալվատորի բնակչութեան եւ  նաեւ մեզի  համար, որ  Եկեղեցւոյ լաւագոյն զաւակներու տիպարէն՝ օգուտ կը քաղենք։

 Գերապայծառ Ռոմէրօն. խաղաղութիւնը կերտեց սիրոյ զօրութեամբ,  վկայեց իր հաւատքը անձնուիրումով։

Տէրը,  երբեք չի լքեր  դժուարութեան մատնուող Իր ժողովուրդը՝ գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը  նամակին մէջ հաստատելով. թէ Ան, միշտ բարեսիրտ կը գտնուի ժողովուրդին կարիքներուն հանդէպ։

Ակնարկելով Մովսէս մարգարէին, որուն միջոցաւ Աստուած  առաջնորդած է իր ժողովուրդը, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց,  թէ  Տէրը կը շարունակէ յարուցանել հովիւներ իր սիրտին համեմատ, որպէսզի իր հօտը հովուէն՝ խոհեմութեամբ եւ գիտութեամբ ։   

Լատին Ամերիկիոյ  մէջ գտնուող շքեղ երկրին համար, Տէրը՝ եկեղեցւոյ ընծայեց փայլուն եպիսկոպոս մը,  որ  զԱստուած Սիրելով եւ  ծառայելով եղբայրակիցներուն՝ դարձաւ Քրիստոսի բարի հովիւի պատկերը։ Դժուար պահերուն Հայր Ռոմէրօ գիտցաւ կառավարել եւ պաշտպանել իր հօտը՝ հաւատարիմ գտնուելով Աւետարանին եւ հաղորդութեան մէջ մնալով համայն եկեղեցւոյ հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապը նամակը աւարտեց գրելով . Երանելի Ռոմէրոյին  ձայնը, այսօր եւս՝  մեզի կը յիշեցնէ,  որ եկեղեցին՝  Տիրոջ շուրջ համախմբուած եղբայրները, Աստուծոյ  ընտանիքն է ուր՝ պէտք  չէ  բաժանումներ տիրեն։

Քանիներ, Գերապայծառ Ռոմէրոն ունին՝ որպէս հաւատքի բարեկամ, քանիներ,  անորմէ կը հայցեն պաշպանութիւն ու բարեխօսութիւն։  Քանիներ,  անոր մէջ կը գտնեն քաջութիւնն ու զօրութիւնը կառուցելու համար Աստուծոյ  թագաւորութիւնը եւ աշխատելու ի սպաս  արժանաւոր եւ հաւասարակշռիր ընկերութեան։

Այսօրուայ դիմագրաուած մարտահրաւէրներուն դիմաց,  յարմարագոյն  ժամն է՝  ազգային իսկական հաշտութեան համար գրեց ապա Քահանայապետը ու նամակը եզրափակեց, բոլորին ապահովեցնելով իր աղօթքները, որպէսզի՝ աճի մարտիրոսութեան սերմը, եւ ուղեւորութեան ընթացքին, աճին ու զօրանան այդ ազգի զաւակները, որոնք պատիւն ունին կրելու աշխարհի Աստուածային Փրկիչին անունը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.