2015-05-23 08:38:00

Ներսէս Պետրոս ԺԹ․ Կաթողիկոս Պատրիարքի այցելութիւնը Հունգարիա։


Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ․ Կաթողիկոս Պատրիարքը, հինգշաբթի երեկոյեան, հովուական այցելութեամբ ժամանեց  Պուտափեշտ, Հունգարիոյ մայրաքաղաքը, ուղեկցութեամբ հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեանի եւ հայր Գրիգոր վարդապետ Պատիշահի։

Օդակայանին մէջ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հանդիսաւորապէս դիմաւորուեցաւ Կարդինալ Փիթեր Էրտոյի կողմէ։ Օդակայանի հիւրասրահին մէջ բարի գալուստի  եւ ողջոյնի խօսքերու փոխանակումէն ետք, Կարդինալ էրտօ եւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը  մտերիմ զրոյց մը եւ գաղափարներու փոխանակում մը ունեցան ի մէջ այլոց Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին շուրջ։  Կարդինալը նշեց թէ Հայոց ցեղասպանութեան Հունգարիոյ խորհրդարանին կողմէ ճանաչման ուղղութեամբ լուրջ աշխատանք տարուած է,  սակայն Խորհրդարանէն ներս յայտնուած է որ այս աշխատանքը կը բախի այս օրերուն   դէպի Արեւելք եւ Թուրքիա բացուելու Հունգարիոյ քայլերուն եւ Թուրքիոյ հետ Հունգարիոյ հետապնդած շահերուն։ Սակայն, նշեց Կարդինալը, աշխատանքը պէտք է շարունակուի եւ  պէտք է յատկապէս հանրային կարծիքը համոզել ու նախապատրաստել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Պուտափեշտ այցելութեան առաջին օրուան յայտագիրը կ՛ընդգրկէր այցելութիւն մը Մադիասի եկեղեցիին որ դեռ վերջերս վերանորոգուած է։ Երեկոյեան, Հոգեւոր Տէրը Կարդինալ Էրտոյին ընթրիքի հիւրը եղաւ։

 Ուրբաթ, 22 մայիսին, առաւօտեան ժամը 9․30-ին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հանդիպում մը ունեցաւ եպիսկոպոսաց ժողովի ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպումին մասնակցեցան եպիսկոպոսաց ժողովի մնայուն յանձնախումբին անդամ երեք եպիսկոպոսները, Կարդինալը եւ ընդհանուր քարտուղարը։ Հոգեւոր Տիրոջ ընկերակցեցան հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեան եւ հայր Գրիգոր վարդապետ Պատիշահ։

Ժողովի բացման իր խօսքին մէջ, Կարդինալ Էրտօ բարի գալուտ մաղթեց եւ պահը պատմական նկատեց նշելով  որ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքի մը առաջին այցելութիւնն է Հունգարիա։ Ան յայտնեց որ այս տարին նշանակալից է եւ յիշատակելի։

Հոգեւոր Տէրը  շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, իրաւամբ նշանակալից նկատելով  տարին։ Ապա ան ներկայացուց հայր Գրիգորը նշելով որ զինք անուանած է օգնելու համար Պուտափեշտի հայ կաթողիկէ համայնքին հոգեւոր կարիքներուն եւ անոր հոգ հոգւոցին։ Ապա, Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու տառապալի վիճակին եւ նահատակութեան։ Այս կապակցութեամբ ան  վեր առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ճշմարտասիրութիւնը, որուն մէկ վկայութիւնը հանդիսացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած սուրբ Պատարագը զոր մատուցանեց Ան ապրիլի 12-ին եւ որուն ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ յանցագործութեան  մեղսակցութիւն նկատեց լռութիւնը ցեղասպանական արարքներուն  դիմաց։

Կարդինալը եւ ժողովին մասնակիցները յատուկ հետաքրքրութեամբ լսեցին ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ տեղեկագրութիւնը Հայ  կաթողիկէ եկեղեցական եւ համայնքային կառոյցներու, սիւնհոդոսի եւ միաբանութիւններու մասին։ Այնուհետեւ արծարծուեցան Հունգարիոյ դժուարութիւնները՝ մասնաւորաբար կաթողիկէ կրթութեան եւ դպրոցներու շրջագիծէն ներս, նկատելով որ կրթական մարզը դեռ եւս կը գտնուի աշխարհային պայմաններուն տակ եւ  զարգացման հանգրուանի մը մէջ ։

Ուրբաթ յետմիջօրէին Հոգեւոր Տէրը հանդիպում մը ունեցաւ Հունգարիոյ փոխ վարչապետ Սէմժէն Զոլդին հետ: Խօսակցութիւնը շօշափեց մասնաւորաբար Հունգարիոյ հայ գաղութին պատմութիւնն ու ներգրաւուածութիւնը երկրի կեանքէն ներս։ Փոխ վարչապետը դրուատեց հայերուն հաւատարմութիւնը նշելով որ  Հունգարիոյ ազատագրման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են երկու հայ զօրավարներ: «Մեզի համար - ըսաւ ան - մեծ պատիւ է  ընդունիլ Ձեզ՝ Հոգեւոր Տէր, որպէս Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ։ Մենք  պարտք կը զգանք ձեզի՝ հայերուդ հանդէպ այն կարեւոր ներդրումին համար զոր ունեցած էք մեր երկրի զարգացման մէջ: Դուք սատարած էք այս երկրին անկախութեան, միշտ հաւատարիմ մնալով Հունգարիոյ պետութեան: Հայերը միշտ կարեւոր դեր ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ Հունգարիոյ պետական հաստատութիւններէն ներս՝ արժանանալով անվերապահ յարգանքի»:

Հայ համայնքին հանդէպ դրուատալից խօսքերէն ետք,  փոխ վարչապետը ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուց հակիրճ պատմականը Սուրբ Ստեփանոսի Պսակին որ հունգարացիներուն համար յատուկ նշանակութիւն ունի մասնաւորաբար խորհրդարանին մէջ, ուր կը պահպանուի ան եւ իւրաքանչիւր օրէնք որ վաւերացուի՝ կը ստանայ այս սուրբ Պսակին օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.