2015-05-23 09:29:00

Չինաստանի եկեղեցւոյ համար աղօթքի օրը։


(Ռատիօ Վատիկան) կիրակի` 24 Մայիսին, կը տօնախմբուի Չինաստանի եկեղեցւոյ  համար աղօթքի օրը, հաստատուած  30 յունիս 2007ին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի կողմէ։

Անցեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին (20 մայիս 2015) Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւէր ուղղեց հաւատացեալներուն միանալու աղօթքի այս օրուան ըսելով ''Մենք եւս Մարիամէն խնդրենք, որ օգնէ Չինաստանի Կաթողիկէներուն, որպէսզի ըլլան միշտ աւելիով վկաները ողորմած սիրոյն եւ որպէսզի հոգեպէս ապրին միացած` Սուրբ Պետրոսի ժայռին, որուն վրայ կառուցուած է Եկեղեցին''։

Յայտնենք թէ  Ֆրանչիսկոս Պապը Սէուլ կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին դէպի Հռոմ վերադարձի ճամբուն վրայ օդանաւին մէջ ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած էր թէ  պատրաստ էր Չինաստանը այցելել  եւ ընդգծած էր թէ ''Պենետիկտոս Պապին  չինացիներուն ուղղուած նամակը կը մնայ հիմնական եւ այժմէական, չինական հարցին համար''։ 

Չինաստանի Եկեղեցւոյ աղօթքի օրուան առթիւ կը ներկայացնենք Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին նամակի պարունակութեան մասին հակիրճ անդրադարձ։

Գլուխ Ա.  Չինաստանի եկեղեցւոյ  համար աղօթքի օրուայ հռչակումը։

24 Մայիսը Չինաստանի համար աղօթքի օր է։ Պենետիկտոս Պապը զանազան առիթներով խօսելով Չինաստանի մասին շեշտած է. ‘’ամէնքս ջերմօրէն աղօթելու ենք Չինաստանի Եկեղեցւոյ համար, վստահ ենք թէ մեր աղօթքներով կարող ենք իրապէս բան մը ընել անոր համար’’։ Ան 24 Մայիսը ընտրեց, որովհետեւ այդ օրը օգնական Քրիստոնէից Տիրամօր տօնն է, որ Չինաստանի Շէշան Սրբավայրին մէջ մեծ շուքով կը տօնուի։

Գլուխ Բ. Եկեղեցւոյ բնութիւնը ու Եպիսկոպոսութիւնը։

Պենետիտկոսր ԺԶ Պապը Եկեղեցւոյ մասին կը խօսի որպէս խորհրդական իրականութիւն մը, Եկեղեցին որպէս նշան ու միջոց ` Աստուծոյ հետ սերտ միութեան մէջ մտնելու ու մարդկային ազգի միութեան։

Եպիսկոպոսներու մշտատեւ ներկայութիւնն ու չարչարանքը։ Ինչպէս համայն աշխարհի մէջ, նոյնպէս եւ Չինաստանի մէջ Եկեղեցին կառավարուած է եպիսկոպոսներէ, եպիսկոպոսական օծումին շնորհիւ. Ստացուած կանոնաւոր եպիսկոպոսներու կողմէ։ Իրենց օծումով անոնք ստացան պաշտօնը սրբացնելու, սորվեցնելու ու կառավարելու իրենց յանձնուած Աստուծոյ ժողովուրդը։ Ներկայիս Չինաստանի բոլոր կաթողիկէ եպիսկոպոսները զաւակներն են չինացի ժողովուրդին։ Չինաստանի կաթողիկէ Եկեղեցին, Ս. Հոգւոյ շնորհքով, բնաւ չզրկուեցաւ իր հովիւներէն, որոնք անաղարտ պահեցին առաքելական յաջորդութիւնը։

Գլուխ Գ. Եպիսկոպոսներու նշանակումը` քահանայապետական իրաւասութիւն։

Քահանայապետը Եկեղեցւոյ միութեան ու նուիրապետութեան հաղորդութեան երաշխաւորն է։ Պենետիկտոս Պապը բաղձանք յայտնած է որ համաձայնութիւն մը գտնուի Կառավարութեան հետ լուծելու եպիսկոպոսին ընտրութեան հարցը։ Անցեալ 20 Սեպտեմբեր 2014-ին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ողջունելով չինացի եպիսկոպոսները ըսաւ. ''չինացի եպիսկոպոսները առանձին չեն, ձեր տածած չարչարանքը պտուղ պիտի տայ, Քահանայապետը միշտ ձեզի համար կ’աղօթէ''։

Գլուխ Դ. Ս. Գրային տեսութիւնը պատմութեան։

Իր ցնծութիւնը յայտնելով Չինաստանի կաթողիկէներու հաւատարմութեան համար, այս վերջին 60 տարիներուն, Պենետիկտոս ԺԶը կը վերահաստատէ  թէ ինչպէս ազգերու ճակատագիրը կը գտնուի Տիրոջ ձեռքերուն մէջ։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը երբ կը խօսի քրիստոնեաներու հալածանքի մասին միշտ կը խնդրէ աղօթել անոնց համար ու անոնց հալածիչներուն համար։

Գլուխ Ե. Խաչը ու չարչարանքի արժէքը։

Հալածանքը անբաժան մէկ մաս մըն է քրիստոնէական կեանքին։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը բազում անգամներ  հաստատած է որ հալածանքը հարկաւոր է Յիսուսի առաքելութեան լրումին ու փրկագործութեան ծրագիրին իրականացումին։ Պենետիկտոս ԺԶ Պապը կը հաստատէ որ Աւետարանը քարոզել կը նշանակէ քարոզել ու վկայութիւն տալ խաչեցեալ ու Յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսի։

 

Գլուխ Զ. Պետութեան հսկողութիւնը կրօնի վրայ։

Չինաստանի մէջ Պետութեան հսկողութիւնը կրօնի վրայ հինաւուր աւանդութիւն մըն է։ Փեքինը միշտ կը խօսի Վատիկանի Պետութեան մասին ու Պապը կը նկատէ գլուխը այդ Պետութեան։ Բնաւ չէ ճանչցած Ս. Աթոռը որպէս Եկեղեցի, որպէս հոգեւոր էութիւն մը համաշխարհային գետնի վրայ։ Ս. Աթոռը իր կարգին պաշտօնապէս չէ ճանչցած  Փեքինի Կառավարութիւնը որպէս Չինաստանի կառավարութիւնը եւ դիւանագիտական կապեր կը պահէ Թայուանի Կառավարութեան հետ։

Գլուխ Է. Բաց ու յարգալիր երկխօսութիւն։

Պենետիկտոս ԺԶ Պապը իր նամակին մէջ շատ անգամներ կը մաղթէ որ երկխօսութիւն բացուի Չինական Ժողովրդային Հանրապետութեան Իշխանութեան հետ գերազանցելու անցեալի անհասկացողութիւնները։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր կարգին ըսաւ ''չենք կարող լուրջ երկխօսութիւն մը հաստատել եթէ գիտակից չենք մեր ինքնութեան եւ կարելի չէ ճշմարիտ երկխօսութիւն հաստատել եթէ կարող չենք բանալ մեր միտքն ու սիրտը ամենայն անկեղծութեամբ անոնց հանդէպ որոնց հետ պիտի խօսինք''։

Գլուխ Ը. Աւետարանում ու համաշխարհայնացում։

Նոր աւետարանութիւնը կը պահանջէ Աւետարանը քարոզել ժամանակակից մարդուն, այն գիտակցութեամբ թէ ինչպէս քրիստոնէական առաջին հազարամեակին խաչը կանգնեցաւ Եւրոպային մէջ իսկ երկրորդին`Ամերիկայի ու Ափրիկէի մէջ, այսպէս ալ երրորդ հազարամեակին հաւատքի մեծ հունձքեր պիտի գաղուին լայնածաւալ ու կենսական ասիական ցամաքամասին մէջ։ Չինաստանի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ արդի պատմութիւնը կ՛արձանագրէ չափահաս բազմաթիւ մարդոց  մօտեցումը հաւատքին, շնորհիւ նաեւ տեղական քրիստոնեայ համայնքի վկայութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.