2015-05-23 11:04:00

Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցի շուքին տակ


Այս տիտղոսով Մարիա Իմմաքոլաթա Մաչոթի իտալերէն լեզուով հրատարակած է երկ մը 2011ին, որ թարգմանուած է հայերէնի Վահէ Գէորգեանի կողմէ։ Այս հաղորդումին մէջ գրքի մէջբերումները կը կատարենք Գէորգեանի թարգմանութեամբ։

Գիրքը բաժնուած է չորս գլուխներու՝ Ա. ԺԹ. դարի հալածանքները հայերի նկատմամբ, Բ. Ի. դարի արտաքսումները. դրանց շարունակական կամ առաջընթացային բնոյթը, Գ. Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ նրա աղբիւրները, Դ. Ցեղասպանութիւն։ Ոչ միայն անուանման խնդիր։

Ուսումնասիրութիւնը կ’եզրափակուի “ժամանակագրութեամբ”, որ 51 էջերու մէջ կ’ընդգրկէ 1815-2012 ժամանակաշրջանը, եւ գրականութեան ցանկով մը։

Երկիս հեղինակը հայկական հարցը եւ հայ ազգի դէմ կատարուած ոճիրները կը դիտէ վերջին դարերու միջազգային պատմութեան ծիրէն ներս եւ այս ժամանակաշրջանին կատարուած այլ ազգերու եւ ցեղային կամ կրօնական խմբակցութիւններու դէմ կատարուած հալածանքներու համոյթին մէջ։ Ան կը քննարկէ գաղթականութեան, միջազգային դիւանագիտութեան, տարածաշրջանային քաղաքականութեան, զինեալ հակամարտութիւններու եւ տնտեսական ուժերու մրցակցութեան հարցեր, եւ այս բոլորին մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դերը։ Կը ներկայացնէ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը՝ առընչուած ՆԱԹՈյի եւ Եւրոմիութեան հետ։

Քաղաքական, պատմական, դիւանագիտական եւ այլ հարցերու քննարկման մէջ շատ անգամ եզրաբանութիւններու ճշտման հարցը կրնայ բաւականին վնասել հարցերու լուծման յառաջացման։ Նոյնն է պարագան Հայոց դէմ կատարուած ցեղասպանութեան շուրջ ընթացող բանավէճերուն մէջ։ “Ցեղասպանութիւն, թ՞է բնաջնջում” ենթագլուխի մէջ Մաչոթի կը գրէ՝ “Մնում է պարզել անուանման խնդիրը։ Չնայած թուրքական կողմը ժխտում է ցեղասպանութիւնը, գոյութիւն ունեն մի շարք բանավէճեր՝ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքում հայերի, ապա նաեւ հրեաների եւ շատ ուրիշների, որոնց թուում 3րդ Ռայխի ժամանակաշրջանում գնչուների կոտորածնրը ցեղասպանութիւն անուանելու կամ չանուանելու խնդրի շուրջ։

Ես դիմել եմ յատկապէս մի ծաւալուն, փաստացի եւ հետաքրքիր աշխատութեան՝ գրուած Դանիէլ Ջ. Գոլդհագէնի կողմից, որը Իտալիայում լոյս է տեսել “Պատերազմի ամենավատ կողմը. մարդկութեան պատմութեան ամենամեծ կոտորածը” անուանումով եւ գիտնականը այստեղ առաջարկում է մոռնալ “ցեղասպանութիւն” աստուածի մասին եւ օգտագործել “ոչնչացում” անուանումը։ Նրա կարծիքով ճիշտ չէ դա ընդունել որպէս այսօրուայ մասսայական սպանութիւն։ Եւ սա թէ´ այն պատճառով, որ դժուար է տարբերակել սահմանումը, բացատրութիւնը եւ բարոյական արժեւորումը, եւ թէ´ այն, որ այս վերջին կէտք շատ յաճախ առավելութիւն է ունենում գիտական վերլուծութեան անհրաժեշտութիւնների նկատմամբ։ Սա հասկնալի է, բայց ապակողմնորոշիչ։ Այսինքն՝ բաւարար հարցադրումներ չեն ներկայացւում այն պատճառների, հանգամանքների վերաբերեալ, որոնք ըմբռնելի են դարձրել մասսայական սպանութիւնները։ Նրա կարծիքով այդ է պատճառը, որ շատ աւելի յարմար կը լինի խօսել “վերացման” մասին։ Վերջինս միշտ գոյութիւն է ունեցել մարդկութեան պատմութեան մէջ, չնայած որ ամբողջ աշխարհում մեծ տեղ է գրաւել 20-րդ դարի ընթացքում։ Գոլդհագենը գրում է, որ վերացումը աւելի լայն հասկացութիւն է, քան ցեղասպանութիւնը եւ աւելի քիչ աղօտ։ Նրա կարծիքով այն իր մէջ տարբեր կողմեր է ներառում։ Այդ կողմերը կարող են թէ´ առանձին եւ թէ´ միաժամանակ օգտագործուել։ Այս կողմերից որոշներ կարող են միեւնոյ վերացման պատկերի տարբեր շրջաններում գոյութիւն ունենալ։ Հեղինակը նրանց այսպէս է ներկայացնում եւ առաջարկում։ Նա գրում է, որ առաջին հերթիւն գոյութիւն կ’ունենար մտադրուած ցանկութիւն։”

Ապա հեղինակը յառաջ կը բերէ Գոլդհագէնի յիշած կէտերը, ըստ որոնց՝ ոչնչացումը կը կատարուի հինգ հանգրուաններով, առաջին՝ “Թշնամի համարուող խմբի, իրականութեան ’փոխակերպումը’ … անոնց ոչնչացնելու մտադրութիւնը”, երկրորդ՝ այդ ժողովուրդի ճնշումը, երրորդ՝արտաքսումը կամ տեղահանութիւնը, չորրորդ՝ “վերարտադրման կանխարգելումը” եւ հինգերորդ՝ “կոտորածը”։

Պէտք է յիշենք, որ Դանիէլ Գոլդհագէն ծանօթ է իր վարկածներով, որոնք շատ մը պատմաբաններու կողմէ չեն ընդունուած եւ կը մնան վիճելի։ Գոլդհագէն, որ ունի հրէական ծագում՝ հրեաներու ոչնչացման հարցով ստեղծած է իր վարկածները՝ պատմագիտական ոչ հաստատուն հիմերու վրայ։ Չէ կարելի ուրանալ, որ հայ ժողովուրդի դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը լոկ անմիջական որոշում մը չէր Թուրքիոյ կողմէ՝ այլ ունէր իր քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ կրօնական պատճառները, ունէր իր նախընթացները՝ որոնք կ’աճէին տարիներու ընթացքին՝ ոչ միայն արեւմտեան երկիրներու հանդուրժողութեամբ, այլ եւ մասնակցութեամբ։ Սակայն բանավէճը չունի հասունութիւնը՝ հրաժարելու “ցեղասպանութիւն” եզրաբանութենէն եւ գործածել այլ բացատրութիւններ։ Մաչոթի անդրադառնալով այս կէտին՝ կը գրէ՝ “Թուրքիան երբէք չի հերքել, որ հայերի դէմ ոչնչացման առանձին գործողութիւններ են տեղի ունեցել։ Աւելին՝ հայկական որոշակի քաղաքների դէմ եւ պատմական որոշակի ժամանակահատուածներում։ Մինչդեռ ամբողջական հերքումը վերաբերել է հայոց “ցեղասպանութեան” ընդունմանը եւ ճանաչմանը։”

Մաչոթիի ուսումնասիրութիւնը կը ծագի այլ հետաքրքրութիւններէ՝ ինչպէս ան կը յիշէ գրքի յառաջաբանին մէջ՝ թէ Իտալիա ժամանող “փախստականներու” հարցն էր, որ այս գրքին ծնունդ տուած էր։ Կարելի չէ համաձայնիլ Մաչոթիի բոլոր վարկածներուն, սակայան գնահատելի է անոր տարած աշխատանքը իբր նպաստ՝ հայոց հարցի քննարկման։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.