2015-05-23 11:08:00

Հոգեգալուստ


Այսօր Ընդհանրական սուրբ եկեղեցին կը տօնէ հոգեգալստեան տօնը: Հոգեգալուստը Առաքեալներու վրայ , անբաժանելի Ս. Երրորդութեան երրորդ Անձին, Սբ. Հոգւոյն որ համագոյ եւ հաւասար է Հօր եւ Որդւոյ Անձերուն, հրեղէն լեզուի կերպով անոր իջման յիշատակութիւնն է,  զոր տեղի ունեցաւ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութենէն յիսուներրորդ օրը: Այս պատճառի համար հոգեգալստեան տօնը կոչուած է նաեւ համայն եկեղեցիներու կողէ Պենտեկոստէ, որ բառացի կը նշանակէ «յիսուներրորդ օր»:

         Քրիստոս իր երկրաւոր  կեանքի ընթացքին` իր առաքեալներուն քանիցս խօսած էր սուրբ Հոգիին մասին: Ըսած էր անոնց. « Յովհաննէս մկրտեց ջուրով, իսկ դուք պիտի մկրտուիք Սուրբ Հոգիով»:  Նոյնպէս խոստացած էր իրենց թէ իր համբարձումէն ետք` պիտի առաքէր Սուրբ Հոգին, ճշմարտութեան Հոգին, Մխիթարիչը. « Իսկ Մխիթարիչը, Սուրբ Հոգին, զոր հայրը պիտի ղրկէ իմ անունովս, պիտի սորվեցնէ ձեզի ամէն բան, եւ պիտի յիշեցնէ ինչ որ ըսեր էի ձեզի»:

         Սբ. Հոգւոյն փառաւոր գալուստը հիանալի կերպով նկարագրուած է Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ. Երբ Պենտեկոստէի օրերը լրացան, ուր հրեաները գոհաբանական աղօթքներ կատարեցին առ Աստուծոյ ստացած նոր հունձքի համար: Մեծ ուրախութեան, եւ ցնծութեան տօն մըն էր, որովհետեւ ցորենի շտեմարանները լեցուած էին: 

         Վերնատան մէջ առաքեալերը` միասիրտ համախմբուած էին բարեպաշտ կիներու հետ, գլխաւորութեամբ Ս. Կուսին` եւ աղօթքով կը պատրաստուէին հրէական Պենտեկոստէի տօնին, երբ յանկարծ երկինքէն սաստիկ հովի նման զօրաւոր ձայն մը լսուեցաւ եւ անոնց երեւցան հրեղէն լեզուներ, որոնք երկինքէն իջնելով եւ ներկաներուն թիւին համեմատ բաժնուելով` իւրաքանչիւրին գլխուն վրայ կը հանգչեցան: Ամէնքը Սուրբ Հոգիով լեցուեցան, ու բոլորովին կերպարանափոխուեցան: Սկասան տարբեր լեզուներով խօսիլ, ինչպէս որ ս. Հոգին իրենց խօսիլ կու տար: Սուրբ Գիրքը կը նշէ տարբեր երկիրներու անուններ, ուրտեղէն եկածները կը զարմանային թէ ինչպէս առաքեալները, որ գալիլիացիներ են իրենց լեզուով կը խօսէին: Նշուած երկիրներու թիւին  մէջ է նաեւ Միջագետքը, Հրեաստանը եւ Կապադովկիայ : Ս. Օգոստինոս կը պնդէ, որ աւելի ճիշտ պիտի ըլլայ Հրեաստան բառը փոխարինել Հայաստան բառով, քանի որ աւելի տրամաբանական է, որ օտար երկրներու շարքին նշուած ըլլայ Հայաստանը: Բացի այդ, աշխարհագրական առումով Միջագետքի եւ Կապադովկիայի միջեւ կը գտնուի Հայաստանը:

        

         Ուստի մեր հայրենիքը այն առաջին երկիրներէն եղաւ որ Սուրբ Հոգին ընդունեց, եւ դարձանք Քրիստոնեայ առաջին ազգը: Տուինք մարտիրոսներ եւ նահատակներ որոնք մկրտուեցան Սուրբ հոգիով, եւ դարձան հայ ազգի եւ հայ եկեղեցւոյ պարծանք:

         Այսօր Եկեղեցւոյ տօնն է: Սուրբ Հոգիին իջումով Եկեղեցին նորոգուեցաւ: Այսօր Սուրբ Հաղորդութեան տօնն է: Որովհետեւ առանց սուրբ Հոգիի միջնորդութեան հացը եւ գինին պիտի չփոխուէին Տեառն մերով Յիսուսի Քրիստոսի մարմինի եւ արեան: Այսօր նաեւ Քահանայից տօնն է, որովհետեւ սուրբ Հոգին է որ մեծ օծեց ձեռնադրութեան պահուն: Այսօր մեր բոլորիս տօնն է, որովհետեւ մկրտութեամբ ստացանք սուրբ հոգին, ճշմարտութեան հոգին:

         Եկէ՛ք այսօր մեր ուխտը նորոգենք Երրորդութեան երրորդ Անձին, եւ խնդրենք իր պարգեւները մեր կեանքին մէջ: Մեզ զերծ պահէ սատանայի փորձութենէն: Թող գայ եւ մեր սիրտը նորգէ իր սիրոյ կրակով, ինչպէս ըրաւ աշակետներուն, որոնք դարձան մէկ մէկ փրկիչներ:

         Թող Սուրբ Հոգին մեր ազգին տայ բարգաւաճ օրեր, մեր հայ ընտանիքներուն սէր եւ միութիւն, մեր հայ զաւակներուն քրիստոնէավայել կեանք: Մեր հռոմի հայ գաղութին` գործերու յաջողութիւն: Հիւանդներուն շուտափոյթ առողջութիւն, սգաւորներուն մխիթարութիւն: Միջին արեւելքի խաղաղութիւն, եւ սուրիահայերուն ու մանաւանդ հալէպահայութեան ուժ, կորով, գաջութիւն եւ զօրաւոր հաւատք: Այս կը խնդրենք սուրբ Երրորդութեան անունով` Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հուիին. այժմ եւ միշտ ամէն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.