2015-05-23 11:33:00

Գերապայծառ Օսքար Արնուլֆօ Ռոմէրօ Կալտամէզի երանացման արարողութիւնը։


Շաբաթ, 23 մայիսին,  Սան Սալվատորի տեղական ժամով առաւօտեան ժամը 10.00-ին, Սան Սալվատոր քաղաքի՝ '' Աստուածային աշխարհի փրկիչ''  հրապարակին վրայ տեղի կ՝ունենայ գերապայծառ  Օսքար Արնուլֆօ Ռոմէրօ Կալտամէզի  երանացման արարողութիւնը, նախագահութեամբ Ֆանչիսկոս Քահանայապետի ներկայացուցիչ Սուրբ Աթոռի Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ` կարդինալ Անճէլօ Ամաթոյին։

Երանելի Արքեպիսկոպոսը , նահատակուած է 24 մարտ 1980-ին իր քրիստոնէական հաւատքին համար։

Եղբաղյր Օսքար Արնուլֆօ Ռոմէրօ Կալտամէզ,  ծնած է բազմանդամ, աղքատ եւ համեստ ընտանիքի յարկին տակ։ Մանուկ հասակին ան փափաք կը յատյնէ քահանայ դառնալ։ 1930 -ին, Սան Միկէլի  դպրեվանքին մէջ կը կատարէ  Աստուծոյ եւ իր միաբանութեան հանդէպ առաջին խոստումները։

Անոր վանքին մեծաւորները անոր մէջ տեսնելով  ուսումի եւ հմտութեան

տենչը կ՛ որոշեն  զինք  ուղարկել Հռոմ՝ շարունակելու Աստուածաբանական ուսումները։  1937-1942-տարիներուն,  Հռոմի Կրէկորիանա Քահանայապետական համալսարանին մէջ կը հետեւի եւ կ՝աւարտէ իմաստասիրական եւ Աստուածաբանական ուսումները։  4 հոկտեմբեր 1942-ին կը ձեռնադրուի քահանայ։

Քահանայական կեանքի առաջին տարիներուն կը վարէ  ժողովրդապետի պաշտօնը ապա  կը դառնայ  քարտուղար՝ Սան Միկէլ թեմի եպիսկոպոսին ինչպէս նաեւ Էլ Սալվատորի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին։

24 ապրիլի 1970-ին կը նշանակուի Սան Սալվատոր Թեմի տեղակալ առաջնորդ։

15 հոկտեմբեր 1974-ին, կը նշանակուի երկրին ամենէն դժբախտ եւ աղքատ համարուած Սանթիակօ թեմի եպիսկոպոս։

Գերապայծառ Ռոմէրօ տեսնելով եւ ապրելով ժողովուրդին աղքատութիւնն ու դժբախտութիւնը առ աւելիով կը խանդավառուի ու զօրաւոր հաւատքով կը  շարունակէ ապրիլ իր քահանայական կոչումը, ամբոյջովին ինքզինք նուիրելով աղքատներուն եւ անտէր մարդոց։

Պատերազմի շրջանին, անմեղ հոգիներու  սպանութիւններն ու անարդարութիւնները ստիպեցին հայր Ռոմէրոյին հրապարակաւ բողոքել եւ դատապարտել սոյն բռնի արարքները։

13 փետրուար 1977-ին Սան  Սալվատորի թեմի Արքեպիսկոպոս նշանակուելէ վերջ,

Գերապայծառ Ռոմէրօ կը մերժէ  կառուցել թեմին իրեն յատկացուած նստավայր մը նախընտրելով շարունակել ապրիլ Աստուծոյ նախախնամութեան անուան զինուորական հիւանդանոցին  մէջ գտնուող մատրան մէջ որ հիւանդներուն համար բուժարան համարուած էր ։

Գերապայծառ  Ռոմէրոյի քարոզներն ու վարդապետական ուսումները կը սփռուէին   տեղական Ռաիտիոյկայանէն ուղտերէն Գերապայծառը  կը ծանուցէր նաեւ երկրի դժբախտ կացութիւնը եւ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքները։Անոր համբաւը  հետզհետէ կը տարածուի ամէնուրէք, յատկապէս լատին ամերիկիոյ մէջ։

 23 մարտ 1980-ին, Գերապայծառ Ռոմէրօ,  հրապարակաւ  կոչ կ՛ուղղէ զինուորական պատասխանատուներուն, դէմ կենալու եւ չի գործադրելու Պետութեան կողմէ հրահանգուած հրամանները,  երբ՝ անոնք հակառակ են մարդկային բարոյականութեան։

''Ես կը փափաքիմ,  յատուկէն կոչ ուղղել Զինուորական եւ ազգային  պաշտանութեան անդամներուն, ըսելով. եղբայրներ դուք կը պատկանիք մէկ ժողովուրդի, դուք կը սպանէք ձեր եղբայրները,  ձեզի կ՝ըսեմ մի սպանէք։

Մարդու կողմէ տրուած մարդ սպաննելու հրահանգին,  պէտք է գերիշխէ Աստուծոյ պատուէրը՝ Մի սպաներ։ Ոչ մէկ զինուոր պէտք է հակառակի Աստուծոյ Օրէնքին, կը խնդրեմ, կը պաղատիմ մի սպանէք'' ըսած էր գերապայծառ Ռոմէրօ։

Յաջորդ օր,  24 մարտ 1980-ին,  զինուորական հիւանդանոցի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, գերապայծառ Ռոմերօ կը սպաննուի, ազգային քաղաքական շարժումի պատկան անձի մը կողմէ։

Զինուորները ապա Անոր յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցող հաւատացաեալներուն վրայ եւս կրակ բանալով կը սպանեն հարիւրաւոր անմեղ հաւատացեալներ։

Անոր նահատակութենէն 17 տարիներ ետք` 1997-ին, սկիզբ կ՝առնէ  երանացման դատը

 որ վերջ գտաւ այս տարի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հրապարակած հրամանագիրով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.