2015-05-06 09:52:00

Սուրիահայ գաղութի առաջնորդները դէմ են Հալէպէն Հայերու զանգուածային տարհանման


ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Սուրիոյ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական երեք հայկական եկեղեցւոյ համայնքապետերուն ու երեք կուսակցութիւններուն որոշումն է՝ Հալէպէն հայերու միասնական ու զանգուածային տարհանում չկազմակերպել։ Այս հաստատումը կատարած է Հայ աւետարանական համայնքի ղեկավար, վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան, որ կարճատեւ այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի:

Ան աւելցուցած է, որ պատրաստ են օգնելու այն ընտանիքներուն, որոնք պատերազմին պատճառով կ՛ուզեն հեռանալ Հալէպէն. «Բայց եթէ զանգուածային գաղթ կամ տեղահանութիւն կազմակերպենք, կրնանք պատմութեան առջեւ պատասխանատու ըլլալ»։
Վեր. Սէլիմեանի համաձայն՝ նման բարդ որոշում կայացնելու պարագային պէտք է նկատի ունենալ 3 հիմնական գործօն. նախ այն, որ Հալէպը ամբողջ աշխարհի հայկական մշակոյթի ու լեզուի պահպանման կեդրոններէն մէկը եղած է, ուստի չեն ուզեր զայն վերացնել։ Բացի ատկէ, հայկական համայնքի ղեկավարները այն կարծիքին են, որ ազնիւ արարք չէ դժուար պահուն լքել Սուրիան, որ ժամանակին ապաստան տուած է Մեծ Եղեռնէն փրկուած հազարաւոր հայերու։ Այս մասին կը գրէ «Ազատութիւն»ը:
Հալէպի բնակիչներուն համաձայն՝ թէեւ 5 Մայիսին, նախորդող օրերուն հետ բաղդատելով, վիճակը աւելի խաղաղ է, բայց եւ այնպէս պայթումներու ձայները կը շարունակուին լսուիլ, փողոցները ամայի են: Արդէն չորս տարի է վեր ծայր առած պատերազմին իբրեւ հետեւանք երբեմնի բարեկեցիկ համայնքի 60-70 տոկոսը արդէն հեռացած է, դիտել տուած է վեր. Սէլիմեան եւ աւելցուցած «Մնացողները մեզի համար մեր ճիտին պարտքն է, ինչպէս կ՛ըսեն: Չենք կրնար յոխորտալ, որ ամէն ինչին լաւը, բաւարար ունինք, սակայն ինչ որ կայ բոլորին հաւասարապէս կը բաժնենք»:
Սփիւռքի նախարարութեան պաշտօնական դիրքորոշումը այն է, որ այնքան ատեն որ տակաւին Հալէպի ազգային կառոյցները միացեալ որոշում չեն տուած տարհանելու հայերը, իրենք այդ ուղղութեամբ քայլերու չեն ձեռնարկեր: Նախարարութիւնը որոշ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ, բայց Սուրիոյ մէջ մնացած հայերուն կ՛օժանդակեն տեղւոյն հայկական կազմակերպութիւնները։ Այս մասին յայտնած է նախորդ տարի Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայ գրող Յակոբ Միքայէլեան, որ ստիպուած եղած է Հայաստան տեղափոխուելու, քանի որ երկու դուստրերը իրենց ընտանիքներով աւելի կանուխ հայրենիք եկած են: Նաեւ կը պատմէ, որ Հալէպի մէջ ոչ մէկ վայրկեան կրնաս վստահ ըլլալ, որ պայթում տեղի պիտի չունենայ կամ հրթիռ պիտի չիյնայ, բայց եւ այնպէս հայկական դպրոցները կը շարունակեն գործել։
2013ին Սուրիոյ ապստամբները առեւանգած էին Յակոբ Միքայէլեանը, զոր ազատ արձակելու համար հարազատները մեծ փրկագին վճարած են։ Գրողին դասընկերը պատերազմի իբրեւ հետեւանք զոհուած քանի մը տասնեակ հայերէն մէկն է: Ան կ՛ըսէ, որ Հալէպի մէջ իրավիճակը տարուէ տարի կը վատթարանայ՝ դիտել տալով, որ ուսումնական տարուան աւարտին հեռացողներուն թիւը պիտի աւելնայ։
Մինչդեռ վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան լաւատես է: «Բոլոր այն տեղերը, ուր պատերազմը սկիզբ ունեցած է, ունեցած է նաեւ վերջ: Կրնայ երկար տեւել, սակայն մենք պիտի հաւատանք եւ յոյս ունենանք, որ աւարտ պիտի ունենայ», եզրափակած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.