2015-05-06 10:11:00

Հայ եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Յարգանքը բնա՛ւ պարտադրելի չի կրնար ըլլալ: Փոխադարձ յարգանքի համար լսուած «յարգէ՝ որ յարգուիս» առածն ալ որոշ տեղ կ՛անդամալուծուի, որովհետեւ ոմանք կրնան պարտաւորութենէն փախչիլ, կամ պարզապէս գէթ առաջին ու վերջին անգամ ըլլալով, չընդունիլ յարգանքը փոխադարձելու հրահանգը եւ նոյնիսկ հրաժարիլ ուրիշներու յարգանքը ընդունելէ:
Ո՞վ պէտք է յարգուի: Ինչո՞ւ պէտք է յարգուի: Ինչքա՞ն պէտք է յարգուի: Կարելի է յարգանքի շրջագիծը ամփոփել, շատ պարզ հաստատումով, թէ՝
_ Մա՛րդը պէտք է յարգել, եւ ո՛չ թէ յարգել այն ամէն ինչի համար, որ կը պատկանի անոր, սկսեալ իր պաշտօնէն ու հանգամանքէն, դիրքէն ու համբաւէն, գիտութենէն եւ հարստութենէն:
Մարդը այս բոլորէն վեր կը մնայ իր ինքնագիտակցութեամբ: «Ո՞վ եմ ես» հարցումը իր խորութեան մէջ կրնայ տարբեր ուղղութիւններու առաջնորդել հարցնողը: Ամէնէն ճիշդ հունը, որուն մէջ պէտք է իր ընթացքը գտնէ այդ ինքնագիտակցութիւնը, համեստութիւնն է: Ասիկա կը կոչուի «գտնուած առաքինութիւն»: Այս ինքնագիտակցութեան ճամբով միայն կարելի է ձեռք բերուած այդ առաքինութիւնը´´համեստութիւնը՝՝ ծառայեցնել թէ՛ անձին եւ թէ ուրիշներու բարիքին:
Մարդուն ընծայուած յարգանքը անոր անձին ուղղուած պէտք է ըլլայ եւ ո՛չ թէ անոր ներկայացուցած հանգամանքին: Սակայն, հանգամանաւոր անձն ալ բնա՛ւ պէտք չէ մտահան ընէ, թէ ինք այդ հանգամանքը ստացած է եւ ո՛չ թէ անով իսկ աշխարհ եկած:
Ծերունի բարեկամ մը պատմեց հետեւեալը. ´´ Ժամանակին հովիւ մը, բախտի բերմամբ երկրի թագաւորին ուշադրութեան կ՛արժանանայ ու անոր հաւատարիմ նախարարներէն մէկը կը դառնայ: Ան ամէն անգամ պալատէն դուրս գալուն, կողքի շէնքին մէջ կ՛առանձնանար որոշ ժամանակի համար եւ ապա դուրս գալով իր ապարանքը կ՛ուղղուի: Թագաւորին հաւատարիմներու միտքին մէջ կասկածներ կը յառաջանան այս նախարարի անձին շուրջ, մանաւանդ անոր առանձնանալը պալատի կողքի շէնքին մէջ մեծ հարցականներ կը ստեղծէ անոնց մօտ: Ուստի, իրենց մտահոգութիւնը թագաւորին կը պարզեն, առաջքը առնելու համար անսպասելի անախորժութիւններու կամ նոյնիսկ հաւանական դաւադրութեան մը: Պահակագունդի հետապնդումներէն յառաջ կու գայ թէ նախկին հովիւ նախարարը պալատի կողքի այդ շէնքին մէջ առանձնանալով կը մտնէր յատուկ սենեակ մը եւ իր նախարարական շքեղ շրջազգեստը հանելով՝ կը հագնէր իր նախկին հովիւի վերարկուն: Յաջորդ օր թագաւորը իր մօտ կը կանչէ իր հաւատարիմ նախարարը ու բացատրութիւն կը խնդրէ ան կ՝ըսէ. ´´Այսպէս կ՝ընեմ ամէն օր, որպէսզի չմոռնամ որ ես նախկին հովիւ եմ եւ ո՛չ թէ ազնուական: Եւ որպէսզի կարենամ ականջալուր դառնալ այն բոլոր սովորական մարդոց, որոնք ինծի կը դիմեն , օժանդակութիւն խնդրելու:

Զգեստը, հանգամանքը, պաշտօնն ու պատիւը, փառքն ու շքեղութիւնը երբեք պէտք չէ՛ կարենան աւելի զօրաւոր հանդիսանալ, քան մարդկային համեստութիւնը, որ ինչպէս ըսինք ´´ հազուագիւտ առաքինութիւններու՝՝ շարքին պէտք է դասել: Առաքինութիւն, որ «շուկայի» վրայ հեշտօրէն կարելի չէ՛ գտնել:
Զգեստին ընծայուած յարգանքին զաւեշտախառն պատմուածքը, իսլամ հանրածանօթ կրօնաւորին վերագրուող դրուագներուն մէջ կայ, երբ ան առանց սքեմի ճաշի կը հրաւիրուի, սակայն ամէնէն վերջին աթոռին վրայ կը նստի ու անօթի կը մնայ: Յաջորդ անգամ սքեմով կ՛երթայ նոյն վայրը, ու սեղանին գլուխը կը բազմեցնեն զինք: Սրամիտ կրօնաւորը սքեմին քղանցքը բռնած, ամանին մէջ կը մտցնէ, յորդորելով ատոր որ ուտէ՛, որովհետեւ յայտնապէս տրուած յարգանքն ու պատիւը սքեմին համար էր եւ ո՛չ թէ իր անձին:
Վա՛յ այն տարազաւորին կամ սքեմաւորին, որուն ընծայուած յարգանքը անձէն աւելի զգեստին կ՛երթայ, որովհետեւ անձը այդ պահուն ոչնչութեան կը վերածուի: Արժէքները արժանիքներու մէջ պէտք է փնտռել եւ ո՛չ թէ զգեստի ու արտաքին շպարի մէջ: Շպարը ու գեղագիտական գործողութիւնը երբեմն աւելի տգեղ կը դարձնեն մարդը… նաեւ՝ ´´ վատ արարքը՝՝ կը տգեղցնէ մարդուն հոգեկան դէմքը:
Իսկ թէ հոգեկան տգեղութիւնը կարելի՞ է դարմանել, այդ մասին Յիսուսի բարոյախօսութիւնը կ՛ապահովցնէ մեզ, որովհետեւ պոռնիկն ալ, որուն հոգեկան մուրը ո՛չ ոք կրնար մաքրել, արդարացաւ Անոր խօսքով: Նոյն ձեւով ալ բոլոր հոգեկան տգեղութիւնները, որոնք ընկերութեան կեանքը կը վտանգեն, կրնան բուժուիլ եւ գեղեցկանալ: Հաւատացէ՛ք որ սա աւելի հեշտ աշխատանք է, քան ֆիզիքական տգեղութիւնը գեղեցկութեան փոխելու երբեմն ապարդիւն գործը:
Մանկական երգերու փունջին մէջ սորված էինք երգ մը, որ աւելի խրատ էր, քան սովորական երգ: Անոր մէկ տողը կ՛ըսէ. «Ոսկի ակնոցը, արժէքը մարդու չի՛ փոխեր երբեք, գիտցած ըլլաս դու»: Ուրեմն, մա՛րդը յարգէ, անոր վրայ դրուած զարդը յարգելէ աւելի:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.