2015-05-05 12:28:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 5 մայիսի քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 5 մայիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երեք կարեւոր կէտերու մէջ ամփոփեց իր օրուան քարոզը, զոր պատգամեց Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ՝ իր մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին։

Օրուան սուրբգրային ընթերցուածները առնուած էին Գործք Առաքելոցէն (Գործք ԺԴ. 19-28) եւ Յովհաննու Աւետարանէն (Յովհ ԺԴ. 27-31)։

Սրբազան Պապը խօսեցաւ տառապանքներու մէջ համբերատար կեցուածք ցուցաբերելու մասին։ Քրիստոնեայի կեանքը ստէպ ենթակայ է դժուարութիւններու. սակայն տառապանքի պահերուն՝ Քրիստոս մեզի կ՝ուղղէ իր խօսքը՝ «քաջալերուեցէք, որովհետեւ ես յաղթեցի, եւ դուք ալ յաղթական պիտի հանդիսանաք։» Այս խօսքը մեզ կը խրախուսէ դիմագրաւելու կեանքի ամենէն դժուարին պայմանները։»

Խորհրդածութեան երկրորդ կէտին մէջ՝ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ «վստահութեան», զոր պէտք է միշտ ունենանք Տիրոջ հանդէպ։ Բոլորս՝ հաւատացեալներ, քահանաներ եւ եպիսկոպոսներ՝ պէտք է վստահինք Տիրոջ. վստահինք Անոր մեր ընտանիքները, մեր բարեկամները եւ ըսենք Անոր՝ «հոգ տար անոնց, որովհետեւ անոնք Քեզի կը պատկանին»։ Վստահութեան այս աղօթքը ստէպ կը մոռնանք, ըսաւ Սրբազան Պապը, աւելցնելով՝ «միշտ կրկնենք՝ «Տէր, Քեզի կը վստահիմ այսինչ կամ այնինչ հարցը. Դուն լուծում տուր, Դուն յառաջ տար։» Այս քրիստոնէական գեղեցիկ աղօթելու կերպ մըն է։ Այս վստահութեան արարք մըն է Տիրոջ զօրութեան, որ նաեւ գուրգուրացող Հայրն է։

Սրբազան Քահանայապետը իբր երրորդ կէտ նշեց «խաղաղութիւնը»։ Կեանքի օրէնքն է, որ ընթանանք դժուարութիւններու մէջէն, ըսաւ ան։ Սակայն երբ դժուարութեան պահերուն կը վստահինք Տիրոջ՝ Ան մեզի կը պատասխանէ՝ շնորհելով մեզի խաղաղութիւն։ Տէրը՝ ըլլալով Հայր՝ մեզ կը սիրէ եր երբէք յուսախափ չ՝ըներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը ըսելով՝ «այս Սուրբ Պատարագին մէջ խնդրենք Տիրոջմէ, որ մեր հաւատքը եւ մեր յոյսը զօրացնէ, խնդրենք որ տայ մեզի վստահութիւն՝ յաղթահարելու դժուարութիւնները՝ որովհետեւ Ինք յաղթեց աշխարհի եւ մեզի բոլորիս կը շնորհէ իր խաղաղութիւնը։»








All the contents on this site are copyrighted ©.