2015-05-05 10:21:00

Տիրամայրը


Աստուծոյ բոլոր զաւակները կ'ընդունին Զինքը իբր Հայր եւ Մարիամի իբր Մայր: Ով ով Մարիամը չի նկատեր իբր մայր չի կրնար ունենալ Աստուած իբր Հայր (Սուրբ Լուի Մարի Տը Մոնֆոր):

Սուրբ Եկեղեցին յատուկ ջեռմեռանդութիւն կը տածէ Տիրամօր հանդէպ, որովհետեւ Ան միացած է անքակտելի կերպով իր Որդիին հետ մարդկային փրկչագործութեան առաքելութեան մէջ:

Իբր Մայր Քրիստոսի, Մայր Աստուծոյ, Ամենասուրբ Աստուածածինը մասնայատուկ տեղ մը կը գրաւէ քրիստոնեաներուն կեանքին մէջ:

Ոչ ոք, Տիրամօր նման, մօտէն հետեւած է Գառն Աստուծոյ, կեանքին եւ ոչ ոք իրեն չափ արժէք եւ ազդէցութիւն ունի Յիսուսի մօտ եւ իր միջոցաւ Աստուծոյ քով:

Տիրամօր սրբութիւնը կը գերազանցէ Քէրովբէներուն եւ Սէրովբէներուն սրբութիւնը, ասոր համար երկնքի մէջ աւելի փառաւոր տեղ կը գրաւէ քան բոլոր երանելիները եւ սուրբերը, որովհետեւ շնորհքով լի է եւ Մայրն է մեր Փրկիչին եւ այս հանգամանքով իր խօսքը չի մերժուիր Աստուծոյ մօտ:

Իբր մեր Մայրը, Մարիամ ողորմութեամբ եւ բարութեամբ լի, միշտ պատրաստ է մտիկ ընելու մեր խնդրանքներուն, որովհետեւ մեր փրկութիւնը իր սրտին կը խօսի:

Իբր Թագուհի երկնքի, Տիրամայրը կարող է մեր դժուարութիւնները լուծել եւ մեր դժուար պահերուն՝ մեզ մխիթարել:

 

Աւետման վայրկեանէն սկսեալ մինչեւ Յիսուսի մահը Խաչին վրայ, Մարիամ կը շարունակէ միջամտել մեզի համար եւ այս միջամտութիւնը կը շարունակէ նոյնիսկ վեռափոխումէն ետք, երկնքի մէջ, մինչեւ բոլոր ընտրեալներու փրկութիւնը իրագործուի:

Այս պատճառով, Մարիամին տըրւած են զանազան տիտղոսներ: Ան մեր փաստաբանն է Աստուծոյ մօտ, մեր օգնականն է մեր կեանքի ընթացքին եւ միջամուտ կ'ըլլայ Աստուծոյ մօտ որպէսզի մեր խնդրանքները ընդունելի ըլլան:

Եթէ մարդկութեան սկիզբը Ադամ եւ Եւան պատճառ դարձան մեր դատապար-տութեան, Յիսուս եւ իր Մայրը պատճառ դարձան մեր փրկութեան:

Ճիշտ է որ Յիսուս կը մնայ միակ Փրկիչը եւ նոյնիսկ Մարիամ փրկուեցաւ Յիսուսի միջոցաւ: Սակայն Մարիամ այնքան մօտէն կապուած է Յիսուսի փրկչագործութեան առաքելութեան որ կարելի է զինքը կոչել «գործակից» Յիսուսի փրկչագործութեան առաքելութեան:

Ի վերջոյ, Տիրամայրը ոչ միայն համագործակցեցաւ Յիսուսի առաքելութեան այլ նաեւ սրտանց նուիրեց, Հօր Աստուծոյ, իր Միակ Որդին իբրեւ զոհ մեր փրկչագործութեան համար:

 

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան 








All the contents on this site are copyrighted ©.