2015-05-05 11:54:00

Կարդինալ Սանտրիի զեկոյցը Իրաքի մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) ''Իմ այս հանդիպումովս կը փակեմ իմ այցելութիւնս Իրաք, ուր կարողացայ հանդիպումներ ունենալ Իրաքի քրիստոնեայ զանազան հասարակութիւններու հետ. ըլլայ Պաղտատ, Էրպիլ եւ Տիւհոգ, ինչպէս նաեւ երկրի իշխանութիւններուն հետ'', ըսաւ կարդինալ Սանտրի՝ կառավարիչը Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին, բացումը կատարելով ROACO` Արեւելեան եկեղեցիներու օգնութեան հասնող բարեգործական մարմինի հաւաքին` Էպրիլ քաղաքին մէջ։

''Կեցութեանս այս օրերուն բազմաթիւ եղան լոյսի նշանները, որ տեսայ Իրաքի եկեղեցիներու մէջ, սկսեալ ծիսակատարութիւններէն, շարականներէն, Մարմեան աղօթքներէն ու մեղեդիներէն, մինչեւ՝ եղբայրակցութեան անվերապահ նուիրումը հանդէպ ընչազուրկներուն, անօճախներուն ու փախստականներուն։ Անձամբ շօշափեցի քահանաներու հերոսական անձնազոհութիւնը։ Անոնք ճշմարիտ հովիւներ են։ Հիացումով շօշափեցի ROACO-ի զանազան մարմիններու միջեւ համագործակցութիւնը՝ իրագործելու օգտակար ծրագիրներ, բոլորին բարիքին համար - յայտնեց Կարդինալը  որ ապա Պատրիարքներէն ու եպիսկոպոսներէն խնդրեց, որ չի կղզիանան իրենց նուիրապետութիւններուն լոկ հարցերով, այլ՝ իրարու հետ համագործակցին ու միշտ աւելի արժէքաւորեն եպիսկոպոսական համահաւաք դասի հաստատութիւնը եւ կաթողիկէ-օրթոտոքս միջ-եկեղեցական խորհուրդը։

Յարուցեալ Յիսուսը Պետրոսին հետ խօսակցելով երեք անգամ կը հարցնէ անոր ''Զիս կը սիրե՞ս''։ Ապա Տէրը ուրացող Պետրոսին կ'ըսէ ''հետեւէ ինծի''. Կարեւոր չէ եթէ ուրիշը իմ առջեւս է կամ ետեւս։ Տէրը, իւրաքանչիւրին անձնական պատասխան մը կու տայ։ Պարապելու չենք անպտուղ վէճերու մէջ։ Կարեւորը Յիսուսի ետեւէն քալելն է։ Այս շնորհքը խնդրենք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսէն, որպէսզի Ս. Հոգին լուսաւոտէ մեր միտքերը ու բանայ մեր սրտերը։

Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը ու Ս. Պետրոս առաքեալը հսկեն ֆրանչիսկոս Քահանայապետին վրայ՝ որ միշտ մօտիկ եղած է Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ու հալածուած բոլոր քրիստոնեաներուն, թող Անոնք հսկեն գերերջանիկ Սաքօ ու Եունան պատրիարքներուն, ROACO-ի բոլոր մարմիններուն ու ձեզի յանձնուած բոլոր հաւատացեալներուն վրայ - եզրափակեց Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.