2015-05-05 09:48:00

Եգիպտական մէկ դատարանը ցկեանս դատապարտեց եկեղեցի հրդեհած 69 ծայրայեղականներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Եգիպտական մէկ դատարանը ցկեանս դատապարտած է 69 ծայրայեղ մահմետականներ, որովհետեւ 2013-ին, Քերտասային մէջ  հրդեհած են Ս. Աստուածածնայ նուիրուած եկեղեցին։ Երկու անչափահասներ եւս 10 տարուայ բանտարկութեան դատապարտուեցան նոյն ոճիրին համար։ Նշենք այս առաջին անգամն է որ վճիռ մը կ`արձակուի եկեղեցւոյ պատկան մէկ կառոյցի մը պատճառած վնասին համար, ասիկա ապացոյց մըն է որ քրիստոնեաները այլեւս նկատուած չեն որպէս երկրորդ դասակարգի մարդիկ, ընկերութեան մը մէջ որուն բնակչութեան 90 տոկոսը մահմետական են։








All the contents on this site are copyrighted ©.