2015-05-05 11:55:00

Մամլոյ ասուլիս` ''Ողորմութեան'' Յոբելիանական տարւոյն ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 5 մայիս 2015-ի առաւօտեան 11,30-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ, ներկայացումը կատարուեցաւ` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն հռչակուած եւ յառաջիկայ 8 դեկտեմբերին սկիզբ առնող ու 20 նոյեմբեր 2016-ին աւարտուող,  ''Ողորմութեան'' Յոբելիանական Սուրբ Տարւոյն, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Սալվաթորէ Ֆիզիքելլան եւ նոյն խորհուրդի ենթաքարտուղար` գերապայծառ Կրահամ Պել։

Գերապայծառ Ֆիզիքելլան այս առթիւ ունեցած ելոյթին մէջ մատնանշեց թէ հռչակուած ամէն Յոբելենական Տարի ունի իր իւրայատկութիւնը եւ անպատեհ է մէկը միւսին հետ համեմատելը։

Ան ապա հաստատեց թէ Յոբելինական տարիներու պատմութեան մէջ այս առաջին անգամն է որ առիթ կը տրուի ''Սուրբ Դուռերը'' կամ ''Ողորմութեան դուռերու''  բացումը կատարել, նաեւ թեմերու ներքոյ։

Յոբելեանի իւրայատկութիւնը Եկեղեցին կոչելն է իր առաջնահերթ առաքելութեան, ըլլալու նշան եւ վկայութիւն ողորմութեան իր բոլոր հովուական մարզերէն ներս։ Այս ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը  հրաւիրած է նաեւ Հրեայ եւ Իսլամ հաւատացեալները ''ողորմութեան'' նիւթին վրայ հիմնուելով, գտնելու երկխօսութեան ճանապարհներ. յաղթահարելու համար ներկայ մարտահրաւէրները – ըսաւ  Գերապայծառ Ֆիզիքելլան, ապա ներկայացուց ''Ողորմութեան'' Տարւոյն նշանաբանն ու խորհրդանիշը։

Նշանաբանը քաղուած է Ղուկասի աւետարանէն (գլ.6, 36) ''Գթած եղէք, ինչպէս գթած է ձեր երկնաւոր Հայրը'' որ կը յատկանշէ Հօր Աստուծոյ ողորմածութիւնը որ կը խնդրէ չի դատել այլ ներել ու տալ առատաձեռնութեամբ սէր եւ ողորմութիւն։ Խորհրդանիշը կը ներկայացնէ Քրիստոսի Սէրը որ իր ուսերուն վրայ կ՛առնէ կորսուած մարդկութիւնը։

Գերապայծառ Ֆիզիքելլան ապա ներկայացուց Սուրբ տարուայ արարողութիւններու յայտագիրը որոնք – ըսաւ Ան – ստորաբաժանուած են երեք մասի։

Առաջինը` կը նախատեսէ  հաւատացեալներու մասնակցութիւնը եւ որ սկիզբ կ՛առնէ  19 – 21 Յունուար 2016-ին, ուխտագնացութիւններով զբաղող կազմակերպութիւններու յոբելեանով։

Ապա շարք մը միջոցառումներ եւ արարողութիւններ։

- 3 ապրիլը յատկացուած է բոլոր անոնց որոնք կ՛ապրին ողորմութեան փորձառութիւնը։

- 24 ապրիլը յատկացուած է դրոշմի խորհուրդը ընդունող երիտասարդներուն։

- 29 Մայիսը յատկացուած սարկաւագներուն։

- Իսկ 3 Յունիսը` Յիսուսի Սուրբ Սրտի տօնին հաստատումին 160րդ տարեդարձին օրը, նուիրուած է բոլոր քահանաներուն։

- 12 Յունիսը նուիրուած է հիւանդներուն ։

 - 26 - 31 յուլիս պիտի նշուի  Քրաքովիայի ԵՀՕ։

- 4 սեպտեմբերը նուիրուած բարեսիրական կամաւորական աշխարհին։

- 25 Սեպտեմբերը կը հանդիսանայ կրօնուսոյցներու Յոբելեանի օր։

- 9 հոկտեմբերին պիտի նշուի ''Ողորմութեան Մօր'' Մարեմեան հոգեւորականութիւնը։

-  6 նոյեմբերը նուիրուած է բանտարկեալներուն

Յոբելինական տարւոյն երկրորդ մասը կը կայանայ Ֆրանչիսկոս Պապին  յատկանշական բացառիկ ձեռնարկներու կազմակերպութեամբ ու Անոր ''կեանքի արուարձաններու'' հանդէպ` աղքատներուն. տառատպեալներուն, մեկուսացեալներուն ու քնքշութեան կարօտող անձերուն տուած վկայութեամբ։

Երրորդ հանգրուանը յատկացուած է Հռոմ ժամանող բոլոր ուխտաւորներուն անոնց տրամադրելով հիւրընկալութեան վայրեր եւ հոգեւոր պատրաստութիւն։

Գերապայծառ Ֆիզիքելլա ապա ներկայացուց Յոբելինական Տարւոյն     կայքէջը  որ հասանելի է հետեւեալ հասցէներուն www.iubilaeummisericordiae.va - www.im.va.

Կայքէջը հրատարակուած է 7 լեզուներով, իտալերէն, Սպաներէն, Փորթուկալերէն, Անգլերէն, Ֆրանսերէն, Գերմաներէն եւ Լեհերէն։ Կայքին ապա կապուած ենք ընկերային ցանցերու սպասարկութիւնները ։

Գերապայծառ Ֆիզիքելլան իր զեկոյցը եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերով ''Այս Յոբելենական տարւոյն ընթացքին, Եկեղեցին հանդիսանայ  Աստուծոյ Խօսքին արձագանքը որ կը հնչէ որպէս ուժեղ եւ համոզիչ խօսք մը ու ներումի, աջակցութեան, օգնութեան ու սիրոյ արտայայտութիւն։ Եկեղեցին թող երբեք չի յոգնի ողորմութիւն առաջարկելէ եւ ըլլայ միշտ կարեկից ու համբերատար` ներելու եւ սփոփելու։ Եկեղեցին թող դառնայ իւրաքանչիւր այր մարդու ու կնոջ ձայնը ու վստահօրէն եւ անյապաղ կրկնէ ''Յիշէ Տէր քու բազում ողորմութիւնդ ու սէրդ որ յաւիտեան է''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.