2015-05-04 13:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Տանթէ Ալիկէրիի ծննդեան 750-րդ ամեակին առթիւ։


Երկուշաբթի, 4 մայիսին, կը նշուի Իտալացի աշխարհածանօթ բանաստեղծ Տանթէ Ալիկէրիի ծննդեան 750րդ ամեակը ։

Այս ծիրէն ներս Հռոմի  խորհրդարանին մէջ   տեղի կ՝ունենայ  յատուկ ձեռնարկ մը ներկայութեամբ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ Սէրճիօ Մաթարէլլայի եւ  Քահանայապետական Մշակոյթի խորհուրդի նախագահ՝ կարդինալ Ռավազիի։

Այս առթիւ. Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամ մը  յղեց Քահանայապետական մշակոյթի նախագահին, որուն մէջ յատուկէն ողջունեց  Իտալիոյ նախագահն ու խորհրդարանի բոլոր անդամները։

Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամով  կը  միանայ  Տանթէ Ալիկէրին՝ ՝՝տիեզերքի բարձր արժէքներու արուէստագէտ՝՝ կոչողներուն,  ու կը մատնանշէ որ բանաստեղծը  դեռ շատ բաներ ունի պարգեւելիք իր անմահ գործերու ընդմէջէն։

Նորին Սրբութիւն ապա նշեց իրեն նախորդ Քահանայապետերու՝ բանաստեղծին նուիրուած  փաստաթուղթերը, որոնց շարքին Պենետիկտոս ԺԵ քահանայապետի  Տանթէ Ալիկէրիի ծննդեան 6-րդ ամեակի առթիւ  հրատարակած շրջաբերական թուղթը՝ 30 ապրիլ 1921-ին, որուն մէջ Պենետիկոս ԺԵ  ընդգծած է  Տանթէ Ալիկէրիին  սերտ կապը՝ Սուրբ Պետրոսի գահին հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ,  անդրադարձ կատարեց  նաեւ <

շրջաբերական թուղթին, ընդգծելով թէ Ինք՝ շատ անգամ,  նկարագրելու համար հաւատքի լոյսը յաճախ դիմած է  բանաստեղծին խօսքերուն։

Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամի աւարտին Տանթէ Ալիկէրին որակած է՝ Յոյսի մարգարէ, եւ ազատութեան պատգամաւոր։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.