2015-05-04 10:25:00

Քոնկոյի եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը` հակիրճ տեղեկութիւններ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի`  4 մայիս 2015-ին Քոնկոյի եպիսկոպոսները կը հանդիպին Ֆրանչիսկոս պապին իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ։

Քոնկոն նախագահական Հանրապետութիւն է, կը գտնուի կենդրոնական Ափրիկէի մէջ։ Անոր բնակչութեան թիւը` 5.230.000 որուն մեծ մասը քրիստոնեայ է, եւ  որուն 55 տոկոսը կաթողիկէ են (2.866.000)։ Իսկ բնակկչութեան մէկ երրորդը տակաւին տեղական հաւատալիքներու կը հետեւի։ Մահմետականները կը ներկայացնեն նուազ քան 2 առ հարիւրը։
1886 թուականէն Քոնկոն  եղած է Ֆրանսայի գաղութ։ Անկախութիւնը ձեռք բերուած է 15 օգոստոս 1960-ին։

 

Քոնկոյի եկեղեցական կառոյցը կազմուած է  մէկ արքեպիսկոպոսական թեմէ եւ 8 եպիսկոպոսական թեմերէ։ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահն է` գերապայծառ Anatole MILANDOU։ Քոնկոյի մէջ Քրիստոնէութեան մուտքը սկիզբ առաւ 1885-ին Ս. Հոգւոյ միաբանութեան հայրերու քարոզութեամբ։ Անոնք Անկոլայի Լանտանա վայրէն մուտք գործեցին Լինծոլօ գիւղը, ոչ հեռու Բրազաուիլ մայրաքաղաքէն։

Առաքելավայրը պաշտօնապէս բացուեցաւ 22 Սեպտեմբեր 1883-ին տեղական գիւղապետերու համաձայնութեամբ։ 1900-1950 Քոնկոյի  եկեղեցին կը սկսի ծաւալիլ երկրին խորերը։ Աւետարանի քարոզութեան պտուղը ի յայտ կու գայ 50-ական թուականներուն տեղական կրօնուսոյցներու պատրաստութեամբ ու տեղական քահանաներու ձեռնադրութեամբ։

Դիպուած մը չէ, որ երկրին անկախութեան առաջին ընտրանին  կազմուեցաւ քահանաներէ ու նախկին նորընծաներէ ։ Անոնց կարգին` երկրին առաջին նախագահը եղաւ քահանայաթող  Fulbert Youolou.

1952-ին Ս. Հոգւոյ հայրերը մայրաքաղաքին մէջ հիմնեցին կաթողիկէ շաբաթաթերթը սահմանուած շրջանի երկիրներուն (Կապոն, Չատ, Կեդրոնական Ափրիկէ եւ Քոնկօ)։

1955 հիմնուեցաւ Բրազուիլի արքեպիսկոպոսական թեմը երկու ենթաթեմերով Pointe-Noire եւ Fort-Rousset։ 1964-ին Քոնկոն ունեցաւ իր առաջին տեղական եպիսկոպոսը յանձին` գերապայծառ Théophile Mbemba-ի։

5 Մարտ 1973-ին Քոնկոն կ’ունենայ իր առաջին կարդինալը` Բրազուիլի առաջնորդը` արքեպիսկոպոս Emile Biayend։ Ան հաւատքի համար սպաննուեցաւ, 1977-ին, ըմբոստներու խմբակէ մը։

5 Մայիս 1980 Յովհաննէս Պօղոս Բ. Առաքելական այցելութիւն կը կատարէ, ունենալով որպէս կէտ նպատակ մեծարել յիշատակը ու այցելել նահատակ կարդինալ Biayenda-ի դամբանը, թաղուած Բրազուիլ ս. Ֆիրմինօ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

21-26 Յուլիս 2009 մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ  կրօնուսուցումի նիւթին մասին  ազգային առաջին գիտաժողովը։

Քոնկոյի  եկեղեցւոյ էական աշխատանքը կը կայանայ Ընտանեկան արժէքներու հզօրացումի, աշխարհականներու կազմաւորումի, ազգային հաշտութեան եւ քահանաներու կազմաւորումի մէջ։ Հարկ է նկատել տալ որ Քոնկոյի եկեղեցին աւելի քան մէկ դարու գոյութեամբ հաւատացեալներու մեծ աճում արձանագրած է։ Նոյնպէս աճում կ՛արձանագրեն քահանայական ու կրօնաւորական կոչումները։

Քոնկոյի  եպիսկոպոսները մեծ ճիգ կը թափեն ընտանեկան հովուութեան հոգատարութեամբ  հրաւիրելով նոր սերունդը կառչած մնալ ափրիկեան մշակոյթին ու հեռանալ օտարամուտ նորութիւններէն ու հոսանքներէն, որոնք հեռու են քրիստոնէական, ափրիկեան ու մարդկայնական արժէքներէն։ Եպիսկոպոսները կ’աշխատին ամուր  ու մնայուն քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբել աշխարհականներուն, ինչպէս մատնանշած էր  անոնց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 2007-ին, իրենց կատարած հնգամեայ այցելութեան ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.