2015-05-04 14:47:00

Ոչ եւս է Զմմառու միաբանութեան անդամ հայր Սարգիս Ծ.Վ Ուզունեան


Զմմառու պատրիարքական Միաբանութիւնը ցաւօք սրտի կը գուժէ թէ Հ. Սարգիս Ծ.Վ. Ուզունեան, անդամ Զմմառու Միաբանութեան, հանգեաւ ի Տէր սուրբ եկեղեցւոյ խորհուրդներով զօրացած՝ Երկուշաբթի 4 Մայիս 2015-ին, Աւստրալիոյ Մելպուրն քաղաքին մէջ:
Հանգուցեալը ծնած էր Հաճըն 22 Ապրիլ 1922-ին: 
Զմմառու վանքը իր նախնական ուսումը աւարտելէ ետք մեկնած է Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարան, ուր հետեւած էր իմաստասիրութեան և աստուածաբանութեան դասընթացքներու: 
Քահանայ ձեռնադրուած էր Հռոմ 1 Ապրիլ 1945-ին: 
Պաշտօնավարած էր Զահլէ, Յորդանան ապա երկար տարիներ Աւստրալիոյ Սիտնի և Մելպուրն քաղաքները որպէս հոգեւոր հովիւ:

Աւստրալիայի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Հովիւ` Գերյ. Բարսեղ Վրդ. Սուսանեան կը տեղեկացնէ թէ հանգուցեալին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ Կիրակի` 10 Մայիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Սիտնէյի Աստուածամօր Վերափոխման մայր տաճարին մէջ մինչ երջանկայիշատակ Քահանային աճիւնները պիտի փոխադրուին Լիբանան, ու պիտի զետեղուին Զմմառու Մայրավանքի գերեզմանատան մէջ։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։








All the contents on this site are copyrighted ©.