2015-05-02 13:02:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Խօսքը Իզերնիա թեմէն ժամանած ուխտաւորներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 2 մայիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեցաւ Իզերնիա թեմէն (Իտալիա) ժամանած ուխտաւորները եւ անոնց ուղեց իր պատգամը։

Սրբազան Պապը ողջունեց ներկաները՝ յիշելով նախորդ տարուան յուլիսի 5ին՝ անոնց թեմին կատարած հովուական այցելութիւնը, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այդ այցելութեան առթիւ՝ անոնց ցուցաբերած հիւրասիրութեան համար։ Ուխտաւորներէն խնդրեց՝ որ իր ողջոյնները փոխանցեն թեմի եպիսկոպոս՝ Քամիլլօ Չիպոթթիի, քահանաներուն, կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք կը ծառայեն Սուրբ Աւետարանին։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ յիշեց բազմաթիւ ծանր խնդիրները, որոնց մէջ կը տուայտի թեմը։ Յատկապէս անդրադարձաւ գործազրկումի հարցին, որուն մասնաւոր կերպով ենթակայ են երիտասարդ սերունդները, եւ որոնք կը բռնեն այլ երկիրներու ճանապարհը։ Այլ հարց մըն է՝ պատշաճ ընկերային ծառայութիւններու բացակայութիւնը՝ յատկապէս տարիքաւորներու, հիւանդներու, հաշմանդամներու եւ ընտանիքներու համար։ Ի տես այս մտահոգիչ վիճակին՝ Սրբազան Պապը անհրաժեշտ նկատեց ընդհանուր զօրաշարժի մը կարիքը, որ պիտի միացնէ ժողովուրդի եւ անհատական ու քաղաքային հաստատութիւններու բոլոր ոյժերը։ Չէ կարելի յետաձգել աշխատավայրի ստեղծման շօշափելի քայլերը՝ մասնաւորապէս երիտասարդներուն համար։

Ապա Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ թեմի եպիսկոպոսի խօսքերուն, ուր ուժեղ կերպով կը շեշտէր քարոզչութեան նոր թափի մը հարկաւորութեան վրայ։ Քարոզչութիւն մը, որ գերազանցէ կրօնական լճացած իրականութիւնը։ Ապա յիշելով թեմի Կղեստինեան Յոբելինական Տարին, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց՝ որ այդ յոբելեանը առիթ մըն է վերադառնալու Քրիստոսի եւ Աւետարանին եւ հաշտուելու Աստուծոյ եւ ընկերոջ հետ։ “Այսպէսով, ըսաւ ան, պիտի վերածնի մարմաջը՝ փոխանցելու Աստուծոյ սէրը բոլորին, եւ յատկապէս՝ առանցնացեալ անհատներու եւ գաղթականներու, որոնք խորտակուած են տառապանքի եւ ընկերային անարդարութեան տակ։ Այս ձեր թեմական յոբելեանը ձեզ կը պատրաստէ՝ աւելի լաւ կատարելու Ողորմութեան Յոբելինական Սուրբ Տարին, զոր վերջերս յայտարարեցի։ Թո´ղ այս հզօր ժամանակները յարուցանեն առաքելական կայտառ թափ մը՝ յատկապէս ժողովրդապետութիւններու մէջ, ուր եկեղեցւոյ միութիւնը կը գտնէ իր անմիջական եւ տեսանելի արտայայտչականութիւնը։ Իւրաքանչիւր ժողովրդապետական հասարակութիւն կոչուած է ըլլալու նախընտրեալ վայր մը՝ Սուրբ Աւետարանի ունկնդրումին եւ քարոզութեան. ըլլալու տուն մը աղօթքի՝ խմբուած Սուրբ Հաղորդութեան շուրջ. ըլլալու միութեան իսկական դպրոց մը, ուր սիրոյ հրայրքը կը գերիշխէ մակերեսային եւ անբերրի հոգեւոր կեանքի մը մէջ յամենալու փորձութեան վրայ։

Երբ դժուարութիւնները կը թուին խափանել լաւագոյն ապագայի մը հեռանկարները, երբ մեր շուրջ փորձարկուած է ձախողութիւնը եւ դատարկութիւնը՝ ժամն է քրիստոնէական յոյսի, հիմնուած Յարուցեալ Տիրոջ վրայ եւ միացած՝ ամէնէն կարիքաւորներուն մատուցուած մարդասիրական լայն ջանքին հետ։”

Ապա Սրբազան Պապը շեշտեց՝ որ ոչ միայն պէտք է նախատեսել ստիպողական կարիքներու գոհացումը՝ այլ միասնաբար պէտք է կերտել աւելի հիւրընկալ ընկերութիւն մը, աւելի յարգալիր՝ հանդէպ բազմազանութեան, եւ աւելի արդար եւ զօրակցական։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.