2015-05-02 08:44:00

Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կիւրեղ Ա Պատրիարքներու հանդիպում։


29 ապրիլ 2015-ին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ  Հայոց տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարք ը հանդիպեցաւ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Կիւրեղի հետ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ արհիապատիւ հայր Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեան, Մոսկուայի հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ գերյարգելի հայր Պետրոս վրդ. Պետրոսեան, Մոսկուայի Պատրիարքութեան Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի ղեկավարի տեղակալ արխիմանդրիտ Ֆիլարետ Բուլեկով եւ նոյն բաժինի քարտուղար հայր Ստեփան Իգումնովը:

Խօսելով Մեծ Եղեռնի մասին՝ Կիւրեղ պատրիարք ըսեր է, որ նման ողբերգութիւնները կարող չեն ջնջուիլ մարդոց յիշողութենէն, իսկ եթէ ջնջուին, նորէն կը կրկնուին: Պատրիարքը անդրադարձած է մեր օրերուն Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ափրիկէի քրիստոնեաներու դէմ սանձազերծուած հալածանքներու սարսափելի պատկերին մասին առանձանցնելով նաեւ Սուրիայի հայերուն կրած տառապանքներուն մասին: «100 տարի առաջ հայ ժողովուրդի հետ տեղի ունեցածը մեզի կը ստիպէ մտածել, որ այսօր հարկ է պայքարիլ մարդու իրաւունքներու եւ կրօնական ազատութեան պաշտապանութեան համար». ըսաւ համայն Ռուսիոյ պատրիարքը: Ան վստահ է, որ քրիստոնէական եկեղեցիներու բոլոր առաջնորդները պէտք է միասին աշխատին, որպէսզի ամբողջ աշխարհի քրիստոնեաները իրենք զիրենք հանգիստ ու վստահ զգան: Ներկայիս տեղի ունեցող իրադարձութիւնները առիթ են, որպէսզի տարբեր ազգութեան քրիստոնեաներ միմեանց հետ աւելի սերտօրէն գործակցին եւ միասնական գործեն՝ սեփական իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: Ռուսիոյ պատրիարքը նաեւ փաստած է, որ հայ եւ ռուս ժողովուրդներու պատմութիւնները սերտաճած են, եւ երկու ժողովուրդները համերաշխ ու սիրով եղած են իրարու հանդէպ:

Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, համակարծիք ըլլալով պատրիարք Կիւրեղի հետ, ըսած է.«Եթէ մենք չհամագործակցինք, միասին չաշխատինք, նման ողբերգութիւնները աշխարհի մէջ կը շարունակուին»: Ան խօսած է այն մեծ զոհողութիւններու մասին, որ ոչ միայն հայերը, այլեւ ռուսները եւ շատ այլ ազգեր կրած են եւ կը կրեն Յիսուսի անունին համար: Ան աւելցուցած է ըսելով թէ, Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաները Ռուսաստանը կը համարեն իրենց պաշտպանն ու յոյսը: Հոգեւոր Տէրն իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնած է Ռուսիոյ Պատրիարքին՝ Մերձաւոր Արեւելքի եւ այլ շրջաններու հալածեալ քրիստոնեաներուն օգնութիւն ցուցաբերելուն համար:

Յաւարտ հանդիպումին հոգեւոր առաջնորդները նուէրներ փոխանակած են: Հոգեւոր Տէրը Ռուսիոյ պատրիարքին նուիրած է սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի պատկերով մետալ, իսկ արհիապատիւ հայր Ռաֆայէլ սրբազան՝ Ղուկաս աւետարանիչի պատկերով կտաւ մը:

Նոյն օրը ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր պատուիրակութեամբ հանդիպած է նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ  տէր Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին զրուցած են Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներու շարունակուող ծրագիրերու մասին եւ համագործակցութեան կարելիութիւններու մասին: Հանդիպումէն յետոյ Հոգեւոր Տէրը, Եզրաս Սրբազանի հրաւէրով մամլոյ ասուլիս տուած է թեմի եկեղեցական լրատուամիջոցներուն:

 

30 ապրիլ 2015

Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի








All the contents on this site are copyrighted ©.