2015-05-01 11:48:00

Գերապայծառ Կալլակէրի զեկոյցը ''Արեւելքի քրիստոնեաներ ի՞նչպիսի ապագայ'' հաւաքին։


(Ռատիօ Վատիկան) 29 եւ 30 ապրիլին, Իտալիոյ Պարի Քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային զեկոյց ''Միջին Արեւելիք քրիստոնեաներ.Ի՞նչպիսի ապագայ'' նիւթին մասին։ Այս առթիւ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետքարտուղարութեան Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը գերապայծառ Կալլակէր որ իր միջամտութեան մէջ ակնարկեց վերջին ժամանակներուն միջին արեւելքի մէջ տիրող տագնապին ու քրիստոնեաներու ապրած անհանդուրժելի կացութեան։ Ան ընդգծեց Սուրբ Աթոռի յանձնառումը ի սպաս հասարակաց բարիքին եւ ի պաշտպանութիւն միջին արեւելքի քրիստոնեաներուն, ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապի կոչերուն եւ նախաձեռնութիւններուն։

Գերապայծառ Կալլակէր խօսեցաւ ապա Քրիստոնեաներու միջին արեւելքի մէջ ներկայութեան կարեւորութեան մասին` ըլլայ եկեղեցւոյ ըլլայ տեղական ընկերութեան բարգաւաճումի ու բարօրութեան համար։  ''Համայն Եկեղեցին պատասխանատուութիւնը ունի, աղօթքով եւ ամէն տեսակ միջոցով նեցուկ կանգնելու արեւելքի քրիստոնեաներուն'' հրաւէր ուղղեց Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը ապա ակնարկեց Քրիստոնեաներու հոսքը դադրեցնելու կարեւորութեան ու պայմաններուն եւ այս առընչութեան միջազգային հասարակութեան եւ իշխանութիւններուն պատասխանատուութեան։

''Միջազգային հասարակութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ ի տես ողբալի կացութեան։ Անոր կ՛իյնայ հարցը լուծել արմատէն, ընդունիլ գործուած սխալները ու ջանալ խաղաղ ապագայի մը համար աշխատել­, որուն կեդրոնը հանդիսանայ մարդ արարածը ու հասարակաց բարիքը – ըսաւ Գերապայծառ Կալլակէր, դատապարտելով պատերազմները որոնք, ինչպէս բացայայտ է, միայն աւէր ու կործանում եւ տառապանք կը յարուցանեն։

Միջին արեւելքի քրիստոնեաներէն շատեր իրենք զիրենք լքուած ու առանցին կը զգան, հարկաւոր է որ Եկեղեցին անոնց ընդառաջէ ու անոնց ցուցաբերէ մօտիկութիւն ամէն տեսակ միջոցներով, ներառեալ քաղաքական ու ֆինանսական գետնի վրայ։

Գերապայծառ Կալլակէր խօսքը եզրափակեց վեր առնելով միջին արեւելքի քրիստոնեաներու վեհանձնութիւնն ու քաջութիւնը, որոնք հաւատքով կը դիմագրաւեն իրենց դիմաց գտնուող մարտահրաւէրները ու ապա Յիսուս Քրիստոսի` Պատմութեան Տիրոջ յանձնեց միջին արեւելքի քրիստոնեաներու ապագան ու անոնց գոյատեւումը ''Տիրոջմէ օրհնուած այդ հողին վրայ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.