2015-04-30 13:22:00

Գրիգոր Նարեկացի Մատեան Ողբերգութեան


Բան ԽԱ

Բազմաթիւ հայերու ծանօթ է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Մատեան Ողբերգութեան 41րդ «Բան»ը նաեւ Հանգստեան Ժամերգութեան մէջ. իսկ հայ հոգեւորականը եւ սակաւ հայ հաւատացեալներ ամէն օր կ’աղօթեն զայն։

Ազատ թարգմանութեամբ յառաջ կը բերենք Սուրբ Գիրգորի այս աղօթքը՝

«Ամենօրհնեալ Որդի կենդանի Աստուծոյ, ահաւոր Հօրդ՝ անքնին ծնունդ,

քեզի համար անկարելի բան չկայ։

Քու փառքիդ ողորմութեան անստուեր նշոյլը երբ ծագի՝

մեղքերը կը հալին. դեւերը կը հալածուին.

յանցանքները կը ջնջուին. կապանքները կը խզուին.

շղթաները կը խորտակուին. մահացեալները կեանք կը ստատան.

հարուածները կը բուժուին. վէրքերը կ’առողջանան.

ապականութիւնները կը վերացուին. տխրութիւնը տեղի կու տայ.

հեծութիւնները կը նահանջեն. խաւարը կը փախչի.

մէգը կը հեռանայ. մառախուղը կը ցրուի.

մռայլը կը փարատի. աղջամուղջը կը սպառի, մութը կը վերանայ.

գիշերը կը մեկնի. տագնապը կը հեռացուի.

չարիքը կը չքանայ. յուսահատութիւնը կը հալածուի.

եւ կը թագաւորէ քու ամենակար ձեռքդ, ո՜վ քաւիչ բոլորին։

Դուն չեկար մարդոց հոգիները կորսնցնելու՝ այլ ապրեցնելու.

քու մեծ ողորմութեամբդ՝ ներէ իմ անթիւ չարիքներս։

Որովհետեւ միայն դուն ես երկնքի մէջ անճառելի, եւ երկրի վրայ անքննելի։

Գոյակներու սկիզբն ես, եւ յաւէտ՝ մինչեւ կատարածը տիեզերքի.

սկիզբ՝ ամէն ինչի, եւ ամէն ինչի մէջ՝ ամենայն կատարելութեամբ։

Օրհնուած ըլլաս բարձունքներու մէջ.

եւ քեզի յաւէտ փառք՝ Հօր եւ Սուրբ Հոգիին հետ։»

 

Այս աղօթքին մէջ գործածուած բացատրութիւնները կը ներկայացնեն մեզի մարդկային հոգին՝ մեղքի վիճակի մէջ, եւ անոր ազատագրումը Քրիստոսի ձեռքով։

Դեւի, չարի եւ մեղքի գոյութիւնը եւ անոնց հետեւանքը մարդկային հոգւոյն վրայ՝ վարդապետական անուրանալի ճշմարտութիւններու մաս է։ Հայ Եկեղեցւոյ Վարդապետներու ուսուցման մէջ սակաւ չեն այս նիւթի առընչուող գրութիւններ։ Մարդ արարածը՝ ըլլալով մեղանչական՝ ամէն օր կը գործէ մեղքը եւ կը սայթաքի յանցանքներու մէջ։ Մեղքի մէջ մնալը «կալանաւորի» եւ «շղթայուածի» վիճակ է։ Այն անհատը, որ մեղքի մէջ կը մնայ եւ չի զղջար, չի խոստովանիր եւ թողութիւն չի հայցեր ու չ’ապաշխարեր՝ կը մնայ միշտ մեղքի կալանքին մէջ, որ հետզհետէ կ’իշխէ սրտին, մտքին ու կամքին վրայ։ Մեղքը հարուած կու տայ մեր հոգւոյն, «վէրքեր» կը բանայ մեր հոգւոյն մէջ եւ «կ’ապականէ» մեր յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ։ Վէրքը կամ հիւանդութիւնը մարմնի բոլոր գործողութիւններու ներդաշնակ ընթացքին խանգարումն է։ Նոյնպէս մեղքը՝ մեր եւ Աստուծոյ միջեւ եղած ներդաշնակութեան կամ համերաշխութեան խանգարումն է։ Աստուծմէ հեռացումը՝ մարդուն հոգւոյն կու տայ «տխրութիւն», «հեծութիւն», «յուսահատութիւն», «տագնապ»՝ ինչպէս Գիրգոր Նարեկացի կը նկարագրէ։ Աստուծմէ հեռու մնալը մարդու համար «խաւար» է, «մէգ», «մառախուղ», «մռայլ», «աղջամուղջ», «մութ» եւ «գիշեր»։ Եւ վերաջապէս, մեղքի մէջ մնալը՝ «մահ» է։ Քրիստոս մեզ ազատեց մեղքէն։ Զատկական շրջանին Հայ Եկեղեցին կ’երգէ՝ «մահուամբ զմահ կոխեաց, եւ յարութեամբն իւրով մեզ կեանս պարգեւեաց։» Յիսուս իր մահով՝ մահը խորտակեց։ Այսինքն՝ մեզ կրկին հաշտեցուց Աստուծոյ հետ, վերահաստատեց ներդաշնակութիւնն ու համերաշխութիւնը՝ շնորհելով նաեւ մեզի՛ յարութեան շնորհքը։

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի նկարագրած մարդու հոգեվիճակին մէջ՝ Քրիստոսի յաղթական եւ յուսադրիչ ձայնն է որ կը հնչէ, Անոր «ամենակար ձեռքն է, որ կը թագաւորէ»։ Քրիստոս՝ «քաւիչ բոլորին», «կենդանութիւն պարգեւող» եւ Իր «մեծ ողորմութեամբ՝ ներող անթիւ չարիքներու։» Որովհետեւ Քրիստոս ամենակարող է եւ «Անոր համար անկարելի բան չկայ»՝ ինչպէս Նարեկացի կը գրէ՝ «տկարանայ առ ի քէն եւ ոչինչ։»

Ասոր համար է՝ որ կ’օրհնենք Քրիստոս բարձունքներու մէջ, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի հետ ըսելով՝ «Քեզի յաւէտ փառք՝ Հօր եւ Սուրբ Հոգիին հետ։»

 

Բան ԽԱ

 

Որդի Աստուծոյ կենդանւոյ օրհնեալ յամենայնի՝

Հօրդ ահաւորի, անքնին ծնունդ, որ տկարանայ առ ի քէն եւ ոչինչ:

Որ ի ծագել անստուեր նշուլից ողորմութեան քոյ փառաց`

հալին մեղք. հալածին դեւք.

ջնջին յանցանք. խզին կապանք.

խորտակին շղթայք. կենդանածնին մահացեալք.

բժշկին հարուածք. ողջանան վէրք.

բառնին ապականութիւնք. տեղի տան տխրութիւնք.

նահանջին հեծութիւնք. փախնու խաւարն.

մեկնի մէգն. մերժի մառախուղն.

փարատի մռայլն. սպառի աղջամուղջն, վերանայ մութն.

գնայ գիշերն. տարագրի տագնապն.

չքանան չարիքն. հալածին յուսահատութիւնքն.

եւ թագաւորէ ձեռն քո ամենակար` քաւիչդ ամենայնի:

Որ ոչ եկիր կորուսանել զմարդկան հոգիս՝ այլ կեցուցանել.

թող ինձ զանթիւ չարիսն իմ բազում ողորմութեամբդ:

Զի դու միայն ես յերկնի անճառ, եւ յերկրի անզնին,

ի տարր գոյի, եւ յեզրս ծագաց աշխարհի.

սկիզբն ամենայնի, եւ յամենայնի ամենայն լրմամբ. օրհնեալ ի բարձունս.

եւ քեզ ընդ Հօր եւ Հոգւոյդ Սրբոյ փառք յաւիտեանս. ամէն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.