2015-04-28 09:38:00

Հալէպի քառասուն մանուկ եկեղեցւոյ շրջանը ռմբակոծութեան ենթարկուած է


Հալէպի մէջ Ապրիլ 26-ի յետմիջօրէին Սուրբ Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ յարակից թաղամասը ռմբակոծութեան ենթարկուած է:

Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած է Հալէպի ազգային առաջնորդարանի խօսնակ Ժիրայր Ռէիսեանը` աւելցնելով, որ թաղամասին մէջ հայկական կեդրոն, ակումբ, դպրոց կայ, սակայն դեռ տեղեկութիւններ չկան տեղի ունեցած վնասներու մասին.«Շրջանը այս պահուն անհասանելի է, հնարաւոր չէ տեղեկութիւն ճշդել: Սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ, վնասները մեծ են, քանի որ քանի մը ժամ ահռելի ռմբակոծութիւններ տեղի ունեցան»,- նշած է Ռէիսեանը: Անոր խօսքով` թաղամասին մէջ նաեւ ասորիներու, մարոնիտներու եկեղեցիներ կան, իսկ բնակիչներ գրեթէ չկան:

«Հակառակ դժուարին իրավիճակին, այնուամենայնիւ, կը փորձենք դիմակայել»,- նշած է ան՝ աւելցնելով, որ քաղաքին մէջ ջուրի եւ ելեկտրականութեան խնդիրը մշտապէս առկայ է, օրուան ընթացքին հազիւ մէկ-երկու ժամ կու գան:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն` առաջնորդարանի խօսնակը նշած է, որ նախատեսուած բոլոր ձեռնարկները իրականացուած են, Հալէպէն հետեւած են սրբադասման արարողութեան: Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձած են սուրիական բազմաթիւ հեռուստաալիքներ:

Հայաշատ Հալէպը 2012-ի ամառուընէ յայտնուած է սուրիական կառավարական ուժերու եւ տարբեր զինուած խմբաւորումներու բախումներու թիրախին: Բախումները այնտեղ մինչեւ այժմ կը շարունակուին: Սուրիական հակամարտութեան ընթացքին զոհուած հայերուն թիւը գերազանցած է 100-ը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.